ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՌՈՊԵՐԹ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Լուսանկարիչ Ռոպերթ Կարապետեանի ծննդեան 80-ամեակին եւ մասնագիտական գործունէութեան 60-ամեակին նուիրուած «Արուեստի աշխարհին մէջ» խորագրեալ ցուցահանդէսը բացուած է Երեւանի մէջ:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, բացման հանդիսութեան ընթացքին արտայայտուած է արուեստագէտը։ «Իմ հայրենիքս Հայաստանն է, չնայած կ՚ապրիմ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Յուզուած եմ եւ երջանիկ, որ այստեղ եմ», ըսած է Ռոպերթ Կարապետեան:
Իր կարգին, «Ռոպերթը արուեստանոցը փոխած է, ոչ թէ հայրենիքը: Կը կարծեմ՝ սա անցեալ դարու երկրորդ կէսի մշակութային արժէք ունեցող կարեւորագոյն ցուցահանդէսներէն մին է», նշած է լրագրող Վանիկ Սանթրեան:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարի մամլոյ խօսնակ Սէյրանուհի Գեղամեանի խօսքով՝ լուսանկարներէն իւրաքանչիւրը համարժէք է մէկ գիրքի մը: «Այդ լուսանկարները աւելին կ՚արժեն քան տասնեակ էջեր: Ատոնք կը պարունակեն թէ՛ գեղանկարչական, թէ՛ գեղարուեստական տարրեր, որոնք անհրաժեշտ են մեզի եւ ապագայ սերունդներուն», ըսած է ան:
«Ռոպերթը պահը անմահացնելու տաղանդ ունի: Ան սեւ եւ սպիտակ լուսանկարներ ստեղծելու վարպետ է, բարձր մակարդակ ունեցող լուսանկարիչ, Հայաստանի ապագայով մտահոգուած անհատ: Իր մարդկային որակներու, նուիրուածութեան շնորհիւ բոլորիս սիրելին դարձած է», նշած է հասարակական գործիչ Հրանդ Մարգարեան:
Ցուցահանդէսին ընթացքին ներկայացուած սեւ ու սպիտակ լուսանկարներուն մէջ պատկերուած են հայ անուանի գործիչներ՝ Պարոյր Սեւակ, Վարդան Աճէմեան, Մհեր Մկրտչեան, Սօս Սարգսեան, Վահրամ Փափազեան, Օֆելիա Համբարձումեան, Մարտիրոս Սարեան եւ այլք: Բացման արարողութեան «Գրաթերթ» պարբերականին կողմէ Ռոպերթ Կարապետեանին յանձնուեցած է «Տարուան լաւագոյն լուսանկարիչ» մրցանակը:
Ռոպերթ Կարապետեան բազմիցս լուսանկարչական ցուցահանդէսներ ունեցած է Երեւանի, Նիւ Եորքի եւ Լոս Անճելըսի մէջ: Ան նկարահանած է «Իմ Երեւանը», «Վազգէն Մուրատեան» վաւերագրական շարժանկարները: