ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ՁԵՒԱՉԱՓ

Ե­րէկ, Պա­քուի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի, Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նիի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի ե­ռա­կող­մա­նի հան­դի­պու­մը։ «Հայ­տար Ա­լիեւ» կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած այս ե­ռա­կող­մա­նի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Ա­ռա­ջին ան­գամ այս ձե­ւա­չա­փով կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ գա­գա­թա­ժո­ղով մը, ո­րու ար­դիւն­քին ըն­դու­նուե­ցաւ հա­մա­տեղ հռչա­կա­գիր մը։ Փու­թին, Ռու­հա­նի եւ Ա­լիեւ կանգ ա­ռին նաեւ ու­ժա­նիւ­թի եւ փո­խադ­րու­թեան ո­լորտ­նե­րու ծրագ­րե­րուն եւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի վրայ։

Գա­գա­թա­ժո­ղո­վի տան­տէ­րը՝ Ա­լիեւ ե­լոյ­թին մէջ մատ­նան­շեց մի­ջազ­գա­յին ա­հա­բեկ­չու­թեան սպառ­նա­լի­քը եւ ա­ւել­ցուց, թէ այդ մէ­կը կա­րե­լի է յաղ­թա­հա­րել հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։ Ան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար կոչ ուղ­ղեց մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Փու­թի­նին եւ Ռու­հա­նիին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց՝ իր հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռա­ջած ըլ­լա­լու բե­րու­մով։ «Այ­սօր պատ­մա­կան օր մըն է։ Մեր եր­կիր­նե­րը յա­ռաջ կը տա­նին յա­ջող հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը եւ զի­րար կը պաշտ­պա­նեն։ Մեր տե­սակ­ցու­թիւ­նը պի­տի նպաս­տէ մեր եր­կիր­նե­րու տնտե­սա­կան զար­գաց­ման։ Կրնանք կեան­քի կո­չել հա­սա­րա­կաց նա­խագ­ծեր», ը­սաւ Ա­լիեւ, որ խօ­սե­ցաւ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան շուրջ։ Ըստ ի­րեն, իր երկ­րի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը ոտ­նա­հա­րուած է եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր։ ՄԱԿ-ի կող­մէ ըն­դու­նուած՝ բռնագ­րա­ւու­մը դադ­րեց­նե­լու վե­րա­բե­րեալ չորս ո­րո­շում­նե­րը ի զուր կը հա­մա­րուին։ «Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ առ­կայ վի­ճա­կը ա­նըն­դու­նե­լի է։ Խնդի­րը պէտք է լու­ծուի մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի կա­նոն­նե­րուն շրջագ­ծով եւ Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան հի­ման վրայ», ը­սաւ Ա­լիեւ։ 

Հա­սան Ռու­հա­նի Պա­քուի մէջ նշեց, որ հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րու հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն զար­գա­ցու­մը ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն մըն է Ի­րա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ։ Հե­տե­ւա­բար, Թեհ­րան կը խրա­խու­սէ այն բո­լոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք հե­տա­մուտ են հա­րե­ւան­նե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման։ Ռու­հա­նի ա­ռա­ջար­կեց ե­ռա­կող­մա­նի յա­ջորդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վի Ի­րա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պու­մը։

Իր կար­գին, Վլա­տի­միր Փու­թինն ալ կա­րե­ւո­րեց այս ե­ռա­կող­մա­նի տե­սակ­ցու­թիւ­նը։ Ըստ ի­րեն, հան­դի­պու­մը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռէ՝ որ­պէս­զի այս ե­րեք եր­կիր­նե­րը հա­մա­կար­գեն լայն նշա­նա­կու­թեամբ նիւ­թեր։ Ռուս ղե­կա­վա­րի խօս­քե­րով, Ի­րա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ մեկ­նար­կը կու տան ե­ռա­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մը ձե­ւա­չա­փին։ «Ան­տա­րա­կոյս այ­սօր նոր էջ մը կը բա­նանք մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Նման ձե­ւա­չա­փի մը կա­րի­քը կար։ Ե­րեք եր­կիր­ներն ալ պատ­րաս­տա­կամ են՝ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ հա­մաշ­խար­հա­յին խնդիր­նե­րու շուրջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն հաս­տա­տե­լու, նաեւ բազ­մա­կող­մա­նի ա­ռեւտ­րա­կան ու տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ամ­րապն­դե­լու ուղ­ղու­թեամբ», ը­սաւ ան։

Մին­չեւ տա­րե­վերջ Աս­տա­նա­յի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Կաս­պից ծո­վու ա­փա­կից հինգ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ Ե­զե­րա­կից պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը պի­տի փոր­ձեն լու­ծում մը գտնել Կաս­պից ծո­վու վերջ­նա­կան կար­գա­վի­ճա­կի որ­դեգ­րու­մը խո­չըն­դո­տող խնդիր­նե­րուն հա­մար։ Հե­տե­ւա­բար, Պա­քուի ե­րէ­կուան հան­դի­պու­մը Աս­տա­նա­յի հնգա­կողմ հան­դի­պու­մէն ա­ռաջ կը ներ­կա­յաց­նէր կա­րե­ւո­րու­թիւն։ Ռու­սաս­տան որ­դեգ­րած է այն քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, թէ Կաս­պից ծո­վէն անց­նե­լիք բո­լոր խո­ղո­վա­կա­շար­նե­րու պա­րա­գա­յին պէտք է անհ­րա­ժեշտ ըլ­լայ հա­ւա­նու­թիւ­նը ա­փա­մերձ բո­լոր եր­կիր­նե­րուն։ Ատր­պէյ­ճան եւ Ի­րան ու­նին կարգ մը տա­րա­ձայ­նու­թիւն­ներ այս նիւ­թին շուրջ։

Պա­քուի ե­րէ­կուան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի կա­րե­ւոր նիւ­թե­րէն մին էր Հիւ­սիս-հա­րաւ եր­կա­թու­ղիի կա­ռուց­ման ծրա­գի­րը։ Ե­րեք ղե­կա­վար­նե­րը ման­րա­մաս­նօ­րէն քննար­կե­ցին այս նիւ­թը։ Ռու­սաս­տան, Ի­րան եւ Հնդկաս­տան 2000 թուա­կա­նին հա­մա­ձայ­նու­թեան հա­սած էին այս նա­խագ­ծին շուրջ։ Ա­ւե­լի վերջ աս­տի­ճա­նա­բար այդ ծրագ­րին ներգ­րա­ւուած էին նաեւ Սպի­տակ Ռու­սիա, Ղա­զա­խիս­տան, Տա­ճի­կիս­տան, Խրղը­զիս­տան, Հա­յաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան։ Ե­րեք ուղ­ղու­թիւն­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ, ընդ­հա­նուր առ­մամբ 7 հա­զար 200 քի­լօ­մեթր եր­կա­րու­թեամբ ցան­ցի մը կը վե­րա­բե­րի խօս­քը։ Ա­րեւմ­տեան ուղ­ղու­թիւ­նը կ՚են­թադ­րէ Աստ­րա­խա­նի եւ Մա­հաչ­քա­լէի վրա­յով եր­կա­թու­ղիի մը կա­ռու­ցու­մը դէ­պի Ատր­պէյ­ճան-Ի­րան սահ­մա­նը։ Ռու­սաս­տան եւ Ի­րան քննար­կում­ներ կը ծա­ւա­լեն Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քով անց­նե­լիք այս նոր եր­կա­թու­ղիի գծին շուրջ։

Պա­քուի ե­րէ­կուան գա­գա­թա­ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գի կա­րե­ւո­րա­գոյն նիւ­թե­րէն մին ալ կը վե­րա­բե­րէր Հիւ­սիս-հա­րաւ ու­ժա­նիւ­թի մի­ջանց­քի ձե­ւա­ւոր­ման։ Ար­դա­րեւ, կը նա­խա­տե­սուի այս ե­րեք եր­կիր­նե­րու ե­լեկտ­րա­կան ցան­ցե­րու հա­մա­ժա­մա­նա­կե­ցու­մը։

Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճե­ւատ Զա­րիֆն ալ «Թրենտ» գոր­ծա­կա­լու­թեան տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ նշեց, թէ Ռու­սաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան մաս կը կազ­մեն այն կա­րե­ւո­րա­գոյն եր­կիր­նե­րու շար­քին, ո­րոնք կը զար­գաց­նեն ի­րենց յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Ի­րա­նի հետ։ Զա­րի­ֆի խօս­քե­րով, Հիւ­սիս-հա­րաւ փո­խադ­րու­թեան մի­ջանց­քը կը հա­մա­րուէր Պա­քուի գա­գա­թա­ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գի հիմ­նա­կան նիւ­թե­րէն մին։ հիւ­սի­սա­յին Եւ­րո­պա­յի եւ հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան Ա­սիոյ եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ եր­կա­թու­ղա­յին ան­խա­փան կապ պի­տի ա­պա­հո­վէ այս ծրա­գի­րը, ո­րուն շնոր­հիւ պի­տի միա­նան Ի­րա­նի, Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի եր­կա­թու­ղի­նե­րը։ Ծրագ­րի ա­ռա­ջին հանգ­րուա­նին կը նա­խա­տե­սուի տա­րե­կան 5 մի­լիոն թոն բեռն փո­խադ­րե­լու տա­րո­ղու­թիւ­նը։

ՀՌՉԱ­ԿԱ­ԳԻՐ

Գա­գա­թա­ժո­ղո­վի ա­ւար­տին հրա­պա­րա­կուած հռչա­կագ­րին մէջ ե­րեք ղե­կա­վար­նե­րը կա­րե­ւո­րե­ցին Կաս­պից ծո­վու ի­րա­ւա­կան կար­գա­վի­ճա­կի կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին յստա­կե­ցու­մը։

Փու­թին, Ռու­հա­նի եւ Ա­լիեւ մատ­նան­շե­ցին, որ չկար­գա­ւո­րուած հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը կը խո­չըն­դո­տեն տա­րած­քաշր­ջա­նի զար­գա­ցու­մը։ Հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը պէտք է լու­ծուին փու­թով, բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցաւ եւ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի կա­նոն­նե­րուն շրջագ­ծով։

Ռու­սաս­տան, Ի­րան եւ Ատր­պէյ­ճան ո­րո­շած են գոր­ծա­րար, մշա­կոյ­թի եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս զար­գաց­նել ե­ռա­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Ե­րեք եր­կիր­նե­րու քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հա­մար մուտ­քի ար­տօ­նու­թիւն­նե­րու դրու­թեան պար­զեց­ման գոր­ծըն­թա­ցին տե­ւա­կա­նա­ցումն ալ կա­րե­ւո­րուե­ցաւ նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ։

Կող­մե­րը հա­ւա­սար ու փո­խա­դարձ շա­հե­րու հի­ման վրայ պատ­րաս­տա­կամ են ամ­րապն­դել ի­րենց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը տնտե­սու­թեան զա­նա­զան ճիւ­ղե­րուն մէջ, նե­րա­ռեալ ու­ժա­նիւթն ու փո­խադ­րու­թեան մի­ջանցք­նե­րը։

Հռչա­կագ­րին մէջ անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ, որ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին հար­թու­թեան վրայ այս ե­րեք եր­կիր­նե­րը նպաստ կ՚ա­պա­հո­վեն բնա­կան կա­զի շու­կա­յի կա­յու­նու­թեան հա­մար։ Կող­մե­րը նոր փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու օգ­տա­գոր­ծու­մը կը խրա­խու­սեն՝ բնա­կան կա­զի փո­խադ­րու­թեան եւ ար­տադ­րու­թեան պա­րա­գա­յին։

Տնտե­սու­թեան եւ բնա­պահ­պա­նու­թեան տե­սա­կէ­տէ ձեռն­տու հա­ղոր­դակ­ցու­թեան են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու ստեղծ­ման ուղ­ղու­թեամբ կող­մե­րը կը խրա­խու­սեն տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին փո­խադ­րու­թեան եւ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու հա­մար­կու­մը։ Մոս­կուա, Թեհ­րան եւ Պա­քու մտա­դիր են ազ­դու քայ­լեր առ­նե­լու՝ Հիւ­սիս-հա­րաւ փո­խադ­րու­թեան մի­ջանց­քին վրայ ու­ղե­ւոր­նե­րու եւ բեռ­նե­րու փո­խադ­րու­թեան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը բա­րե­լա­ւե­լու հա­մար։ Բաց աս­տի, Հիւ­սիս-հա­րաւ փո­խադ­րու­թեան մի­ջազ­գա­յին նրբանց­քի նշա­նա­կու­թեան բարձ­րաց­ման հա­մար կող­մե­րը կը փա­փա­քին կեան­քի կո­չել նոր ծրագ­րեր՝ եր­կա­թու­ղի­նե­րու միաց­ման ա­ռըն­չու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2016