ՄԱՀԱՓՈՐՁԸ՝ ԿՌՈՒԱԽՆՁՈՐ

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի դէմ գոր­ծուած մա­հա­փոր­ձին շրջագ­ծով նոր բա­ցա­յայ­տում­նե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն կը զբա­ղեց­նեն հան­րա­յին կար­ծի­քը։ Իս­թան­պու­լի 14-րդ ծանր պատ­ժա­կան ա­տեա­նին մօտ ե­րէկ շա­րու­նա­կուե­ցաւ Հրանդ Տին­քի մա­հա­փոր­ձին վե­րա­բե­րեալ դա­տա­վա­րու­թիւ­նը։ Ներ­կայ էին ձեր­բա­կա­լեալ անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէն­նե­րէն՝ Ռա­մա­զան Ա­քեիւ­րէք եւ Ա­լի Ֆուատ Եըլ­մա­զէր։ Չձեր­բա­կա­լուած ութ մե­ղադ­րեալ­ներ ալ ներ­կայ էին դա­տա­վա­րու­թեան, նե­րա­ռեալ Ճե­լա­լետ­տին Ճեր­րա­հը, որ այդ շրջա­նին Իս­թան­պու­լի անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէնն էր։

Դա­տա­ւոր Ճա­նէլ Ռիւզ­կեար ե­րէ­կուան նիս­տին ըն­թաց­քին մա­հա­փոր­ձի շրջա­նին Թրապ­զո­նի անվ­տան­գու­թեան տնօ­րէ­նու­թեան լրա­քա­ղու­թեան բա­ժի­նը գլխա­ւո­րած Էր­ճան Տե­մի­րին հետ ու­նե­ցաւ հե­տաքրք­րա­կան խօ­սակ­ցու­թիւն մը։ Դա­տե­լով թղթած­րա­րի բո­վան­դա­կած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րէն՝ դա­տա­ւոր Ռիւզ­կեար ը­սաւ, թէ այդ բո­լո­րը կ՚ա­ղա­ղա­կեն, թէ այս ան­ձը պի­տի մա­հա­նայ։ Ի պա­տաս­խան՝ Էր­ճան Տե­միր նշեց, որ ոե­ւէ մէ­կը մար­դաս­պան չէ փնտռած եւ այս դէպ­քը անվ­տան­գու­թեան հա­մա­կար­գէն ներս վե­րա­ծուե­ցաւ կռուախն­ձո­րի մը։ Ըստ ի­րեն, գոր­ծը սխալ գետ­նի մը վրայ յա­ռաջ տա­րուած է եւ այս մա­հա­փոր­ձը ա­ռար­կայ դար­ձուած է շա­հար­կում­նե­րու։

Միւս կող­մէ, դա­տա­խա­զու­թիւ­նը պա­հան­ջեց, որ Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան ա­ռըն­չու­թեամբ ձեր­բա­կա­լուին ոս­տի­կան զօր­քե­րէն հինգ լրքա­ղու­թեան պաշ­տօ­նեա­ներ։  

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2016