ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հրա­տա­րակ­չա­կան բա­ժի­նը վեր­ջերս լոյս ըն­ծա­յեց եր­եք նոր գիր­քե­ր՝ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ։ Այդ գիր­քե­րէն մին կը կո­չուի «Հա­յոց նոր վկա­նե­րը (1155-1843)»։ Այս ժո­ղո­վա­ծո­յին գրա­բար բնա­գի­րը կազ­մուած է աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի մէջ ան­ցեա­լին դա­սա­խօ­սած եր­կու հե­ղի­նա­կա­ւոր հա­յա­գէտ­նե­րու՝ Յա­կոբ Մա­նան­դեա­նի եւ Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեա­նի։ Ա­նոնք սուրբ նա­հա­տակ­նե­րու վկա­յա­բա­նու­թիւն­նե­րը քա­ղած են ձե­ռագ­րե­րէ, պատ­միչ­նե­րու աշ­խա­տու­թիւն­նե­րէ եւ «Յայս­մա­ւուրք»նե­րէ։ Այդ բո­լո­րը 1903 թուա­կա­նին հրա­տա­րա­կուած են Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ։ Ժո­ղո­վա­ծոն աշ­խար­հա­բա­րի վե­րա­ծած է Գէորգ Թո­սու­նեան։

Գիր­քին մէջ ամ­փո­փուած են 1155-1843 թուա­կան­նե­րուն քրիս­տո­նէու­թեան հա­մար ա­ւե­լի քան 140 նա­հա­տա­կուած­նե­րու վկա­յա­բա­նու­թիւն­նե­րը։ Ներ­կա­յա­ցուած նա­հա­տակ­նե­րը, են­թար­կուե­լով սար­սա­փե­լի տան­ջանք­նե­րու, վախ­ճա­նած են բա­րի խոս­տո­վա­նու­թեամբ ի Քրիս­տոս։ Այս ար­ժէ­քա­ւոր ժո­ղո­վա­ծոն տպուած է «Սար­գիս Գաբ­րիէ­լեան» հիմ­նադ­րա­մի մե­կե­նա­սու­թեամբ։

Միւս գիր­քը կը կո­չուի «Թիֆ­լի­զի հայ­կա­կան Մող­մու Սուրբ Գէորգ եւ Սուրբ Նշան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը (պատ­մու­թիւն եւ տա­րեգ­րու­թիւն)»։ Ար­մէն Ա­սատ­րեա­նի կող­մէ լոյս ըն­ծա­յուած այս ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը հրա­տա­րա­կուած է նոյն­պէս «Սար­գիս Գաբ­րիէ­լեան» հիմ­նադ­րա­մի մե­կե­նա­սու­թեամբ։ «Թիֆ­լի­զի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը» շար­քի հեր­թա­կան գիրքն է այս մէ­կը, որ ամ­փոփ աշ­խա­տու­թիւն մըն է նուի­րուած՝ Թիֆ­լի­զի եր­կու յայտ­նի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու տա­րեգ­րու­թեան ու պատ­մու­թեան։ Ա­ռա­ջին ան­գամ ման­րա­մասն ներ­կա­յա­ցուած է Ս. Գէորգ եւ Ս. Նշան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը՝ հիմ­նադ­րու­մէն մին­չեւ մեր օ­րե­րը։ Ար­խի­ւա­յին վա­ւե­րագ­րե­րու հի­ման վրայ հե­ղի­նա­կը ներ­կա­յա­ցու­ցած է միա­բան­նե­րու եւ ե­րես­փո­խան­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ փաս­տեր, ինչ­պէս նաեւ ա­նոնց ծա­ռա­յա­կան ցու­ցակ­նե­րը եւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ըն­տա­նե­կան դրու­թե­նէն։ Ա­ռա­ջին ան­գամ տպագ­րուած է Թիֆ­լի­զի ա­մե­նան­շա­նա­ւոր հայ­կա­կան այս եր­կու ե­կե­ղե­ցի­նե­րու 1841 թուա­կիր ծխա­կան­նե­րու ցու­ցա­կը։ Գիր­քին մէջ տեղ գտած են նաեւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լուած­նե­րու եւ ե­կե­ղե­ցա­կան ծխա­կան դպրոց­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին։

Այս աշ­խա­տու­թիւ­նը հա­րուստ է ինչ­պէս Ե­րե­ւա­նի Մա­տե­նա­դա­րա­նի, այն­պէս ալ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ար­խի­ւի մօտ ի պահ դրուած բազ­մա­թիւ ան­տիպ վա­ւե­րագ­րե­րով, նա­խա­խորհր­դա­յին մա­մու­լի նիւ­թե­րով եւ հին լու­սան­կար­նե­րով։

Եր­րորդ գիրքն է «Վար­դա­պետք հա­յոց հիւ­սի­սա­յին կող­մանց եւ ա­նոնց ինք­նու­թիւ­նը» աշ­խա­տու­թիւ­նը։ 20-րդ դա­րու ե­րե­ւե­լի կով­կա­սա­գէտ Լե­ւոն Մե­լիք­սեթ-Բե­կի կող­մէ վրա­ցե­րէ­նով գրի առ­նուած է այս գոր­ծը։ Թարգ­մա­նու­թիւ­նը կա­տա­րած է Հրաչ Պայ­րա­մեան։ Ա­նուա­նի կով­կա­սա­գէ­տի այս եր­կը ա­ռա­ջին ան­գամ Թիֆ­լի­զի մէջ լոյս տե­սած էր 1928 թուա­կա­նին։ Հե­ղի­նա­կը հե­տա­զօ­տած է 11-13-րդ դա­րե­րու հայ-վրա­ցա­կան գի­տա­կան, գրա­կան եւ պատ­մամ­շա­կու­թա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ անդ­րա­դարձ կա­տա­րուած է նաեւ վե­րո­յի­շեալ դա­րե­րու մէջ գի­տա­կան աս­պա­րէզ ի­ջած հայ վար­դա­պետ­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան։ Այս հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը ան­հա­սա­նե­լի էր այն հա­յա­գէտ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք վրաց լե­զուն չեն գի­տեր։ Մինչ­դեռ այս գոր­ծին թարգ­մա­նու­թիւնն ու հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը թոյլ կու տան ար­ժե­ւո­րե­լու հայ-վրա­ցա­կան պատ­մագ­րա­կան նուա­ճում­նե­րէն մին։ Այս գիրքն ալ հրա­տա­րա­կուած է «Սար­գիս Գաբ­րիէ­լեան» հիմ­նադ­րա­մին մե­կե­նա­սու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2016