ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ԹՄՄ-ԵԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԿԱՆ ԴԱՇՏԱՀԱՆԴԷՍ

Ա­մէն տա­րուան գե­ղե­ցիկ սո­վո­րու­թեան մը հա­մա­ձայն, այս տա­րի եւս Մոնթ­րէա­լի Թէ­քէեան մշա­կու­թա­յին Միու­թեան (ԹՄՄ) վար­չու­թիւ­նը ան­դա­մա­կան եւ հա­մա­կիր լայն շրջա­նա­կի մը մաս­նակ­ցու­թեամբ գնա­հա­տա­կան ըն­դու­նե­լու­թեամբ մը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց զա­նա­զան մշա­կու­թա­յին մար­զե­րէ ներս բե­ղուն եւ պա­տուա­բեր աշ­խա­տանք կա­տա­րող ան­հատ­նե­րու եւ յանձ­նա­խում­բե­րու: Երկ­րորդ տա­րին է, որ այս հան­դի­սու­թիւ­նը կը կա­տա­րուէր «Թէ­քէեան պու­րակ»ի սա­ղար­թա­խիտ հա­ճե­լի մի­ջա­վայ­րին մէջ, ա­մառ­նա­յին գե­ղե­ցիկ օր մը՝ Կի­րա­կի 17 Յու­լի­սին, փո­խա­նակ կեդ­րո­նի սրա­հին օգ­տա­գոր­ծու­մին:

Հա­մեղ խո­րո­ված­նե­րու(պատ­րաս­տու­թեամբ Ռու­բէն Նշա­նեա­նի), ըմ­պե­լի­նե­րու, ե­րաժշ­տու­թեան եւ այլ քա­ղաք­նե­րէ եւս ներ­կա­նե­րու ըն­տա­նե­կան ջերմ եւ հա­ճե­լի մթնո­լոր­տին մէջ հին ու նոր ծա­նօ­թու­թիւն­ներ, օ­րուան տաղ­տուկ­նե­րէ հե­ռու, ստեղ­ծե­ցին ու­րախ մի­ջա­վայր մը մին­չեւ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րը:

Մոնթ­րէա­լի ԹՄՄ­-ի վար­չու­թեան ու­ժա­կան ա­տե­նա­պետ Ար­թօ Մա­նու­կեան իր ո­գե­ւո­րող ե­լոյթ­նե­րով անդ­րա­դար­ձաւ օ­րուան ի­մաս­տին՝ գնա­հա­տանք եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լու զա­նա­զան յանձ­նա­խում­բե­րու եւ ան­հա­տա­կան մի­ջոց­նե­րով բա­րե­յա­ջող եւ ար­դիւ­նա­բեր տա­րի մը եւս բո­լո­րած ըլ­լա­լու ու­րա­խու­թիւ­նը պար­գե­ւած ըլ­լա­լու հա­մար: Ար­դա­րեւ, բաղ­դատ­մամբ ան­ցեա­լին, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ար­ձա­նագ­րուած էր շա­րու­նա­կա­կան վե­րելք ձեռ­նարկ­նե­րու եւ գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու թի­ւի եւ ո­րա­կի ա­ռու­մով: Յատ­կա­պէս անց­նող մէկ տա­րին յատ­կան­շուած էր ան­նա­խըն­թաց նուա­ճում­նե­րով: Ա­ռա­ջին հեր­թին, այս տա­րեշր­ջա­նի սկզբնա­ւո­րու­թեան յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տած էր հա­մա­կարգ­չա­յին լրա­տուա­մի­ջո­ցը՝ Abakanews.com online հա­մա­ցան­ցա­յին ա­մե­նաար­դիա­կան լրա­տուու­թիւ­նը, որ օ­րը օ­րին բազ­մա­հա­զար ժո­ղո­վուր­դի կը հասց­նէ գու­նա­զարդ ա­մե­նա­թարմ լու­րե­րը: Այս ծրագ­րի գլխա­ւոր ի­րա­կա­նաց­նո­ղը ե­ղաւ ե­րի­տա­սարդ գիտ­նա­կան եւ ճար­տա­րա­պետ՝ Ա­րա Եազ­ճեան, որ ար­ժա­նա­ցաւ այս տա­րուան ԹՄՄ­-ի ա­մե­նա­բե­ղուն ան­դա­մի պար­գե­ւին: Այս է­լէկտ­րո­նիք ար­դիա­կան դրու­թեան կող­քին կը շա­րու­նա­կուի «Ա­պա­գայ» տպագ­րեալ շա­բա­թա­թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը, հա­կա­ռակ բազ­մա­թիւ նիւ­թա­կան եւ գործ­նա­կան դժուա­րու­թիւն­նե­րու, շնոր­հիւ նուի­րեալ անձ­նա­կազ­մի մը ճի­գե­րուն:

Մեր «Հայ բեմ» թա­տե­րա­խում­բը մեծ ոս­տում­նե­րով կը շա­րու­նա­կէ իր յա­ռա­ջըն­թա­ցը ոչ միայն հայ հա­մայն­քէն ներս, այլ պա­տուա­բեր մրցա­նակ­նե­րու կը տի­րա­նայ տե­ղա­կան նա­հան­գա­յին թա­տե­րա­կան մրցոյթ­նե­րու մէջ, որ­պէս լա­ւա­գոյն հինգ թա­տե­րա­խում­բե­րէն եւ բե­մադ­րիչ­նե­րէն մին, իսկ լա­ւա­գոյն ե­րի­տա­սարդ դե­րա­սա­նը, Քէ­պէք նա­հան­գի հա­րիւ­րա­ւոր խում­բե­րէն՝ կը հան­դի­սա­նար Ար­տէն Ա­րա­բեա­նը: Մեր բե­մադ­րի­չը՝ Նան­սի Իս­սա Թո­րո­սեան կը ստա­նար ա­ռաջ­նու­թեան մրցա­նակ Մոն­րթէալ քա­ղա­քի բո­լոր բե­մադ­րիչ­նե­րուն մէջ: Մե­ղե­դի Ա­ղու­րեանն ալ ա­ւար­տա­կա­նի հա­սած էր Քէ­պէք նա­հան­գի իբ­րեւ լա­ւա­գոյն տասն­հինգ դե­րա­սա­նու­հի­նե­րու կար­գին: Ար­տէ­նը, Մե­ղե­դին եւ Նան­սին ար­ժա­նա­ցած էին պա­տուոյ տախ­տակ­նե­րու եւ մրցա­նակ­նե­րու:  «Հայ բե­մ­»ի ինն­սու­նի մօտ աշ­խա­տա­կից­նե­րուն գաղտ­նի քուէ­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թեամբ, թա­տե­րա­խում­բի ան­ցեալ տա­րուան ա­մե­նաար­ժա­նի ան­դա­մը ընտ­րուե­ցաւ Յա­կոբ Րէ­ճէ­պեա­նը, որ ձե­ռամբ միու­թեան ա­տե­նա­պե­տին ստա­ցաւ այս նպա­տա­կին յատ­կա­ցուած յու­շա­տախ­տա­կը:  Նան­սին այս ա­մառ ստանձ­նած է նաեւ մա­նուկ­նե­րու ա­մառ­նա­յին  ճամ­բա­րը, որ ար­դէն իսկ մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ սկսած է իր ա­ռա­քե­լու­թեան:

Ա­տե­նա­պետ Ար­թօ Մա­նու­կեան գնա­հա­տան­քով անդ­րա­դար­ձաւ վեր­ջերս հաս­տա­տուած «Պրիճ»ի թղթա­խա­ղե­րու դա­սա­ւանդ­ման՝ գլխա­ւոր ու­սուց­չու­թեամբ Մար­տի­րոս Ճան­ճա­նեա­նի եւ օգ­նու­թեամբ Տքթ. Հրայր Տէր-Գէոր­գեա­նի, պա­տա­նե­կան ճատ­րա­կի (chess) դա­սըն­թացք­նե­րու՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ պա­տա­նի Ե­րուանդ Տե­միր­ճեա­նի, որ վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պած էր յա­ջող մրցա­շարք մը, ինչ­պէս նաեւ կազ­մու­թիւ­նը ըն­կե­րա­յին յանձ­նա­խում­բին:

Ա­տե­նա­պետ Ար­թօ Մա­նու­կեան ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ բազ­ման­դամ Տիկ­նանց միու­թեան, ո­րոնք տա­րե­կան պա­զա­րի եւ այլ ա­ռիթ­նե­րով ի­րենց աշ­խա­տան­քով եւ նուի­րու­մով կ՚ա­պա­հո­վեն նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան պատ­կա­ռե­լի հա­սոյթ մը, ինչ­պէս նաեւ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ան­սա­կարկ ու տքնա­ջան աշ­խա­տան­քով յա­ջող­ցու­ցին այս դաշ­տա­հան­դէ­սը:

Վարձ­քը կա­տար բո­լոր անձ­նուէր աշ­խա­տող­նե­րուն, ո­րոնց կը պատ­կա­նի Թէ­քէեա­նի ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու ա­ռիւ­ծի բա­ժի­նը: Կը մաղ­թենք ուժ եւ կա­րո­ղու­թիւն, որ­պէս­զի ա­նոնք անն­կուն շա­րու­նա­կեն ազ­գա­նուէր այս գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը:

Յ­. Ա.

«Ա­պա­գայ»

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2016