ՈՒ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան այ­սօր Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ կը տե­սակ­ցի Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ։ Թուր­քիոյ եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ յաղ­թա­հա­րուած ճգնա­ժա­մէն վերջ այս ժա­մադ­րու­թիւ­նը կու գայ վե­րա­հաս­տա­տել սառ­ցա­հա­լը։ Ան­գա­րա-Մոս­կուա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ սա նոր սկիզբ մըն է։

Էր­տո­ղան-Փու­թին ժա­մադ­րու­թիւ­նը մագ­նի­սա­ցու­ցած է ամ­բողջ մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քին ու­շադ­րու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, ոչ միայն երկ­կող­մա­նի կամ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին, այլ նաեւ ընդ­հան­րա­պէս հա­մաշ­խար­հա­յին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ եր­կու նա­խա­գահ­նե­րուն տե­սակ­ցու­թիւ­նը։

15 Յու­լի­սի պե­տա­կան հա­րուա­ծի ձա­խող փոր­ձէն վերջ ա­ռա­ջին ան­գամ Էր­տո­ղան կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ ար­տա­սահ­մա­նեան ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ ո­րե­ւէ փաս­տա­թուղթ կամ հա­մա­ձայ­նա­գիր պի­տի չստո­րագ­րուի։ Քրեմ­լի­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը պի­տի խօ­սին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցին շուրջ ու պի­տի ճշդեն ճա­նա­պար­հա­յին քար­տէս մը։ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ նա­խա­տե­սուած է Էր­տո­ղա­նի եւ Փու­թի­նի հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սը, որ­մէ վերջ ա­նոնք պի­տի մէկ­տե­ղուին նաեւ եր­կու եր­կիր­նե­րու գոր­ծա­րար աշ­խար­հի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Երկ­կող­մա­նի տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը վե­րա­կեն­դա­նաց­նե­լու ա­ռըն­թեր Էր­տո­ղան եւ Փու­թին կար­ծիք­ներ պի­տի փո­խա­նա­կեն մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի հրա­տապ խնդիր­նե­րուն շուրջ։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն ու­շադ­րու­թիւն պի­տի կեդ­րո­նա­ցուի Սու­րիոյ ի­րադ­րու­թեան վրայ։ Էր­տո­ղա­նի բան­բե­րը՝ Իպ­րա­հիմ Քա­լըն ռու­սա­կան մա­մու­լին կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ մատ­նան­շեց, թէ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ կու գայ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։ Հա­շուի առ­նե­լով, որ Թուր­քիոյ եւ ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հին մի­ջեւ ներ­կա­յիս լուրջ վե­րի­վայ­րում­ներ կ՚ապ­րուին՝ մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ վե­րա­բեր­մունք ցոյց կու տայ Էր­տո­ղան-Փու­թին տե­սակ­ցու­թեան նկատ­մամբ։ Այ­սօ­րուան հան­դիպ­ման ար­դիւնք­նե­րուն լոյ­սին տակ Ա­րեւ­մուտ­քը պի­տի փոր­ձէ ըմբռ­նել, թէ սա մար­տա­վա­րա­կա՞ն տե­սակ­ցու­թիւն մըն է կամ ա­ւե­լի խոր ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մը սկիզ­բը։

Սեն Փե­թերս­պուրկ մեկ­նե­լէ ա­ռաջ Էր­տո­ղան հար­ցազ­րոյց մը տուաւ ռու­սա­կան ԹԱՍՍ գոր­ծա­կա­լու­թեան։ Ան ը­սաւ, թէ նոր էջ մը պի­տի բա­ցուի երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Պատ­մա­կան այ­ցը նոր սկիզ­բի մը ա­ռի­թը պի­տի հան­դի­սա­նայ։ Հար­ցազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան ընդգ­ծեց, որ ա­ռանց Ռու­սաս­տա­նի ան­կա­րե­լի է կար­գա­ւո­րել Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ նա­խա­գա­հը գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց, որ զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձին ժա­մա­նակ Փու­թին ա­մե­նաա­րագ ձե­ւով ար­տա­յայ­տած է իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը։

Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րուն դէմ առ դէմ հան­դի­պու­մը վճռո­րոշ ազ­դակ մը պի­տի հա­ղոր­դէ թուրք-ռու­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վե­րա­կանգ­նման գոր­ծըն­թա­ցին՝ շուրջ ութ ամ­սուան ճգնա­ժա­մէ մը վերջ։ Մեծ ակն­կա­լու­թիւն­ներ կան այս հան­դիպ­ման ար­դիւնք­նե­րէն։ Էր­տո­ղան-Փու­թին հան­դիպ­ման վրայ դրուած յոյ­սե­րը դժուար թէ ձա­խո­ղին, ո­րով­հե­տեւ ար­դէն նոր յու­սա­խա­բու­թիւն մը ան­հան­դուր­ժե­լի է կող­մե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Հե­տե­ւա­բար, ար­դիւնք­նե­րուն շուրջ յո­ռե­տե­սու­թեան հիմ­քեր չկան, սա­կայն բո­լո­րը կը փոր­ձեն հասկ­նալ, թէ ի՛նչ թա­փով յա­ռաջ պի­տի տա­րուին ա­պա­գայ գոր­ծըն­թաց­նե­րը։

Սեն Փե­թերս­պուր­կի ժա­մադ­րու­թեան ըն­դա­ռաջ թրքա­կան կող­մը, նե­րա­ռեալ Էր­տո­ղան, կա­րե­ւո­րու­թեամբ կանգ ա­ռին նաեւ ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­նե­րուն վրայ։ Ար­դա­րեւ, «Թրքա­կան հոսք» կա­զա­մուղ խո­ղո­վա­կա­շա­րի կա­ռուց­ման ծրագ­րի վե­րա­կեն­դա­նա­ցու­մը այս շրջա­նին կը ներ­կա­յաց­նէ ճա­կա­տագ­րա­յին նշա­նա­կու­թիւն։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2016