ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ԱՊՐԱԾ ՎԵՐՋԻՆ ՏՈՒՆԸ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԿԵԴՐՈՆԻ

Թիֆլիզի մէջ շաբաթավերջին պատմական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ վրացահայութեան տեսակէտէ։ Հայ-վրացական մշակութային կապերու տեսանկիւնէն ալ նոր էջ մը բնորոշեց այս իրադարձութիւնը։ Այսպէս, վրացական մայրաքաղաքէն ներս ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի տան դռները վերստին բացուեցան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Թիֆլիզի Ամարլեպա փողոցի թիւ 18 տունը եղած էր Յովհաննէս Թումանեանի վերջին բնակարանը այդ քաղաքէն ներս։ Շաբաթավերջին, այդ նոյն հասցէէն ներս տեղի ունեցաւ «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտական-մշակութային կեդրոնի բացումը։

Իսկապէս պատմական այս իրադարձութեան հիմքը կը համարուի Թումանեանի տան վրացահայ համայնքին վերադարձուիլը։ Այդ բնակարանէն ներս շուրջ դար մը առաջ սիրով հիւրընկալուած են տիրական բազում անուններ. ինչպէս՝ Աղայեան, Կոմիտաս, Իսահակեան, Շիրջանզատէ, Փափազեան, Մառ, Իաշվիլի, Թապիծէ, Կրիշաշվիլի, Պրիւսով եւ ուրիշներ։ Այնտեղ կազմակերպուած են գրական զրոյցներ, ընթերցումներ, ասուլիսներ, տպագրուած կամ անտիպ երկերու քննարկումներ, ուսումնասիրուած են հայկական, վրացական կամ համաշխարհային գրականութեան նմոյշներ։

Վրաստանի անկախացումէն վերջ հայ համայնքին յանձնուած այս պատմական տան ճակատագիրը օրհասական էր։ Մասնաւոր սեփականատիրոջ պատկանող ու չգործող գրադարանային հատուածով ժառանգներուն մնացած կիսափուլ բնակարան մըն էր այս մէկը։ Թումանեանի տունը օրինական սեփականատիրոջ յանձնուեցաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախկին նախագահ հանգուցեալ Լեւոն Անանեանի մեծ ջանքերով։ Ամբողջական տեսքով Վիրահայոց Թեմին նուիրուած այդ տան վերանորոգութիւնը, բարեկարգումն ու կահաւորումը իրականացուեցաւ «Ճինիշեան» կտակի եւ IdeA հիմնադրամին միջոցներով ու թեմի մեծ ջանքերով։

Անճանաչելի տեսք մը ստացած Յովհաննէս Թումանեանի տան բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն պատուիրակութիւն մը, Հայաստանէն ու Վրաստանէն պետական դէմքեր, դիւանագէտներ ու քաղաքական գործիչներ, Հայաստանէն եւ Ռուսաստանէն բազում հիւրեր, վրացահայ համայանքային հաստատութիւններու ղեկավարներ։ Բացման արարողութեան ծրագրի առաջին փուլին, Թիֆլիզի նշանաւոր Խոջիվանքի պանթէոնէն ներս ծաղկեպսակ մը զետեղուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի շիրմին վրայ։ Վիրահայոց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեանի եւ Տաւուշի Թեմի Առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեանի գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Աւելի վերջ «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտական-մշակութային կեդրոնի խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը կտրեցին Հայաստանի խորհրդարանի երեսփոխաններէն Վարդան Ղուկասեան, IdeA հիմնարկի գործադիր տնօրէն Էտկար Մանուկեան, «Ճինիշեան» կտակի ԱՄՆ-ի կեդրոնական գրասենեակի գործադիր տնօրէնուհի Էլիզա Մանուկեան։ Հոգեւորականաց դասուն մասնակցութեամբ նորաբաց կեդրոնէն ներս կատարուեցաւ տունօրհնէքի արարողութիւն։ «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտամշակութային կեդրոնի տնօրէն Կիսանէ Յովսէփեան բացատրութիւններ տուաւ այս կեդրոնի գործունէութեան եւ ապագայ ծրագրերուն մասին։

Այս տան վրացահայութեան վերադարձին եւ վերանորոգութեան ու բարեկարգման աշխատանքներուն մասին ցուցադրուեցաւ վաւերագրական ժապաւէն մը։

Հաւաքոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Երեւանի՝ Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Նարինէ Թուխիկեան, լուսահոգի Լեւոն Անանեանի որդին՝ «Արմէնփրէս» գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Եդուարդ Միլիտոնեան, Վրաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Մաղվալա Կոնաշվիլի, Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան նախագահ Ժորա Սնխչեան, բանաստեղ-թարգմանիչ Կիվի Շահնազար, Վիրահայոց Թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի տնօրէն Լեւոն Չիթիլեան եւ այլք։ Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր։

Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեանի խօսքով։ Ան երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն եւ ծրագրի աջակիցներուն՝ ազգանուէր գործ մը կատարած ըլլալու եւ Թումանեանի պատմական բնակարանը վրացահայ համայնքին վերադարձուցած ըլլալու համար։ Թեմակալ առաջնորդը նորահաստատ կեդրոնին համար նուիրեց վրացահայ նկարիչներ Մերուժան Շահումեանի եւ Թենկիզ Միկոյեանցի ստեղծագործութիւնները։

Մեծն Թումանեանի տունը յարիր է անոր համբաւին։ Այդ կեդրոնէն ներս յառաջիկային պիտի ծաւալուի գրական, գիտական, կրթամշակութային գործունէութիւն։ Սրահներէն մէկը կոչուած է հանգուցեալ Լեւոն Անանեանի անունով։ Այնտեղ նախատեսուած են հայ եւ վրացի գրողներու հանդիպումներ, գիրքերու քննարկումներ։ Կեդրոնէն ներս պիտի ստեղծուի ազգագրութեան ուսումնասիրութեան եւ զարգացման, արուեստի գործիչներու մշակութային կապերու բաժանմունք, տիկնիկային թատրոն, գրադարան ու թանգարանի բաժին մը, որ պիտի ցոլացնէ վիրահայութեան հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը։ Նոյն կեդրոնէն ներս մասնաճիւղ մըն ալ պիտի ունենայ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան համացանցային համալսարանը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2017