ՊԱՐՈՆՈՒՀԻ ՔՈՔՍ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Անգլիոյ Լորտերու պալատի անդամուհի Պարոնուհի Քերըլայն Քոքս ներկայիս իր հերթական այցելութիւնը կու տայ Հայաստան։ Քոքս եւ իր ընկերակիցները երէկ Երեւանի մէջ շփումներ ունեցան ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Պարոնուհին հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի եւ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Կարէն Կարապետեան բարձր գնահատեց Քերըլայն Քոքսի հայանպաստ եւ մարդասիրական գործունէութիւնը։ Վարչապետը նոյնպէս բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ Քերըլայն Քոքսի այն քայլերուն շուրջ, որոնք ուղղուած են միջազգային ասպարէզի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի արդար ներկայացման։ Կարապետեան նշեց, որ յատկապէս վերջին շրջանին Հայաստան-Անգլիա յարաբերութիւններուն մէջ նկատելի է աշխուժացում։ Ան կարեւորեց տնտեսական ոլորտէ ներս համագործակցութեան զարգացումը, գործարար կապերու խթանումը, ներառեալ համաժողովներու կազմակերպումը։ Կարապետեան ընդգծեց, որ երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման հարցը առարկայականօրէն քննարկուած է նաեւ Երեւանի մօտ Անգլիոյ դեսպանին հետ եւ յստակ պատկերացումներ կան ապագայ քայլերու ուղղութեամբ։

Քերըլայն Քոքս Կարէն Կարապետեանի հետ խօսեցաւ դէպի Հայաստան եւ Արցախ կատարած իր բազմաթիւ այցելութիւններուն մասին։ Պարոնուհին նշեց, որ ջերմօրէն կապուած է հայ ժողովուրդի հետ։ Ան եւս անհրաժեշտ համարեց հայ-անգլիական տնտեսական համագործակցութեան զարգացումը, կարեւորեց միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու խորացումը, բարձր մակարդակի վրայ փոխադարձ այցելութիւններու կազմակերպումը։ Քոքս պատրաստակամութիւն յայտնեց ապագային եւս իր գործունէութեամբ աջակցիլ հայ ժողովուրդին, նպաստել Հայաստան-Անգլիա կապերու սերտացման։

Արա Պապլոյեանի մօտ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին ալ անդրադարձ կատարուեցաւ ղարաբաղեան հարցին։ Հայաստանի խորհրդարանի նախագահը կարեւորեց Լոնտոնի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը այս հարցին մէջ։ Իր կարգին, Քերըլայն Քոքս նշեց, որ Ատրպէյճան շարունակ ակրեսիւ քաղաքականութիւն կը վարէ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ։ Ըստ իրեն, աշխարհի կողմէ պէտք է ճանչցուի նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած Նախիջեւանի հայկական բնակչութեան արտաքսումն ու մշակութային յուշարձաններու ոչնչացումը։

Պապլոյեանի հետ զրուցելէ վերջ պարոնուհին շրջայց մը կատարեց Հայաստանի խորհրդարանի պարտէզին մէջ, ուր տեսաւ տարիներ առաջ իր իսկ ձեռքով տնկուած խնձորենին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2017