ՎԵՐԱՊԱՀ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի միջեւ առկայ լարուած յարաբերութիւնները անմիջական ուշադրութեան կ՚արժանանան Հայաստանի մէջ։ Քաղաքական մեկնաբանները վերջին շրջաններուն առաջնահերթօրէն կ՚անդրադառնան այս հարցին։

Ծանօթ է, որ ԱՄՆ-ի մէջ օրէնսդիրները հազուագիւտ համերաշխութիւնով քուէարկեցին ի նպաստ այն նախագծին, որով աննախադէպ խստութեամբ պատժամիջոցներ կը սահմանուին Ռուսաստանի դէմ։ Այս ծրարը ծանր հարուած մըն է Մոսկուայի թէ՛ ռազմական եւ թէ տնտեսական կարողութիւններուն տեսակէտէ։ Հայաստանի քաղաքական մեկնաբանները կը մատնանշեն, որ այդ կարողութիւններուն ապաւինելով Երեւան կը տեւականացնէ իր անդամակցութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ)՝ ճանչնալով Ռուսաստանը որպէս ռազմավարական դաշնակից։ Բայց եւ այնպէս, նոյնիսկ ռուս մասնագէտները կը նշեն, թէ երկրին կը սպասեն մեծ փորձութիւններ։ Իսկ Հայաստան պարտաւոր չէ շարունակել իր «աւանդական» քաղաքականութիւնը եւ այդ փորձութիւնները հրաւիրել նաեւ իր իսկ վրայ։ «Հայաստանի մէջ արդէն իսկ կը հնչեն կոչեր վերագնահատելու համար անվտանգութեան, արտաքին տնտեսական քաղաքականութեան մօտեցումները։ Սա որքա՞ն արդարացած է, ո՞րն է Հայաստանի իսկական շահը այս նոր դասաւորման մէջ։ Այս բոլորը կրնան ապացուցուիլ միայն հրապարակային բանավէճի մը արդիւնքով։ Յամենայնդէպս, պարզ է, որ «առաջուանը» այլեւս չկայ եւ պիտի չըլլայ, իսկ ինչ պիտի ըլլայ ասկէ վերջ՝ կախուած է մեր բոլորէն՝ բոլորիս հաւաքական կամքէն ու միտքէն», գրուած էր վերջերս «Առաւօտ» օրաթերթի խմբագրականին մէջ։

News.am կայքէջի հաղորդումներով, քաղաքագէտ Ստեփան Գրիգորեան յայտնեց, որ Ռուսաստան յաջողած է տկարացնել Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը։ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներէն միայն Ղազախիստան եւ Սպիտակ Ռուսիա կը յաջողին դիմակայել Ռուսաստանի քաղաքական յաւակնութիւնները։ «Եւ որքան շատ կը զիջէ Ռուսաստանին, այնքան աւելի շատ զիջումներ կ՚ակնկալէ Ռուսաստան», նշեց մեկնաբանը, որուն Ռուսաստան մուտքը արգիլուած է։ Ստեփան Գրիգորեանի համոզմամբ, տուեալ խնդրի լուծման համար գոյութիւն ունի երեք վարկած։ «Առաջին՝ մնալ ԵՏՄ-ի մէջ եւ շարունակել հայկական իշխանութիւններու առաջարկած տարբերակը, աւելի յստակ՝ աստիճանաբար լուծել առկայ խնդիրները, ինչ որ միանգամայն տրամաբանական է։ Երկրորդ՝ դուրս գալ ԵՏՄ-էն։ Ես անձամբ երրորդ լուծում կ՚առաջարկեմ։ Թող ամէն ինչ իր հունով ընթանայ։ Վաղ թէ ուշ ռուսական իշխանութիւնները իրենց գործողութիւններով կա՛մ Հայաստանը պիտի ստիպեն դուրս գալ ԵՏՄ-էն եւ կամ ԵՏՄ պիտի արժանանայ ԱՊՀ-ի ճակատագրին ու որոշ ժամանակ անց պիտի դադրի գործելէ որպէս կազմակերպութիւն՝ ձեւականօրէն շարունակելով պահել գոյութիւնը», ըսաւ Գրիգորեան։

Իր մեկնաբանութեան տեւողութեան քաղաքագէտը ընդգծեց, որ ԵՏՄ Մոսկուային համար պէտք է անդամ երկիրները իրեն կապելու տեսակէտէ, այլապէս ռուսական կողմին համար կարեւոր չէ տնտեսութիւնը։ Գրիգորեան յիշեցուց, որ Հայաստան ԵՏՄ-ի անդամ երկիրներէն որեւէ մէկուն հետ սահման չունի, ինչ որ հայկական կողմին համար յաւելեալ զանազան խնդիրներու ծնունդ կու տայ։ Մնաց որ Ռուսաստանի տնտեսութիւնը լաւագոյն վիճակի մէջ չի գտնուիր եւ այնտեղ շատ բարձր են կաշառակերութեան ռիսքերը։ Այս մասին ամէն օր կը խօսի նաեւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին։ «Երբ եթէ մենք որոշած ենք մեր տնտեսութիւնը կապել երկրի մը հետ, որու դէմ պատժամիջոցներ սահմանուած են եւ որը ճգնաժամի մէջ է, ապա ինչպիսի արդիւնքներու մենք պէտք է սպասենք», նշեց վերլուծաբանը։

Իր կարգին, Մարդկային զարգացման միջազգային կեդրոնի տնօրէն Սեւան Պօղոսեանն ալ համոզուած է, թէ Հայաստան ինքզինք զերծ պէտք է պահէ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու մէջ ներքաշուելէ։ Սեւան Պօղոսեան, որ նախկին երեսփոխան մըն է, կը կանխատեսէ, թէ Ռուսաստան կրնայ փափաքիլ Հայաստանը ներքաշել եւ նոյնպէս ամերիկեան կողմը կրնայ այդպիսի փափաք մը ունենալ։ Երկու գերտէրութիւններն ալ պիտի փորձեն առաջնորդուիլ իրենց շահերով։ «Բայց ե՞րբ մենք պիտի կարենանք ունենալ մեր դիմադրութիւնը, որպէսզի թէ՛ օգտագործուած չըլլանք եւ թէ թոյլ չտանք, որ մեր հաշւոյն խնդիր լուծեն։ Ասոր համար մենք պէտք է լուծենք մեր կրթական խնդիրները, ներքին կառոյցներու հարցերը, այնպէս ընենք, որ երկրին մէջ արդարութիւն ըլլայ, որովհետեւ ամուր կրթուած հասարակութիւնը ունի իր դիմադրութիւնը ու կը յաջողի միասնական մէկ խնդրի կարգաւորման համար պայքարիլ։ Եթէ սա չընենք, ապա միշտ կ՚օգտագործուինք։ Նոյնը կը վերաբերի նաեւ մեր տնտեսութեան, որովհետեւ եթէ զայն չզարգացնենք, ապա կրնանք կախուածութիւն ունենալ փոքրիկ ներդրումէ մը», ըսաւ Պօղոսեան։

Tert.am կայքէջին տուած հարցազրոյցին մէջ Սեւան Պօղոսեան պատասխանեց նաեւ ուրիշ հարցումի մը. Ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու վատթարացման զուգահեռ ի՞նչ զարգացումներ կրնան ըլլալ Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն մէջ՝ հաշուի առնելով, որ Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի անդամ է, սակայն Ռուսաստանի հետ ունի մեծ առեւտրաշրջանառութիւն։ Սեւան Պօղոսեան ի պատասխան ըսած է հետեւեալը. «Որեւէ բան չի փոխուիր, որովհետեւ երկու երկիրներն ալ կը փորձեն իրենց շահերով ընթանալ։ Նոյն Թուրքիան այսօր խնդիր ունի ՆԱԹՕ-ի բազմաթիւ գործընկերներուն հետ։ Թուրքիա կը փորձէ իր բաժինը տանիլ, ինքզինք այնքան հզօր կը համարէ, որ կ՚ըսէ՝ եթէ կը փափաքիք իմ աշխարհագրական դիրքէն օգտուիլ եւ ձեր շահերուն սպասարկել, ապա պէտք է հաշուի առնէք նաեւ իմ շահերը։ Թուրքիան լաւագոյն օրինակն է, թէ ինչպէս որեւէ երրորդ երկիր պէտք է փորձէ իր շահերով առաջնորդուիլ ու խաղալ։ Արդեօք Թուրքիա կը յաջողի՞ մինչեւ վերջ խաղալ, սա այլ հարց մըն է»։ Սեւան Պօղոսեան յատկանշական նկատեց, որ Թուրքիա իր՝ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու հետ շատ աւելի խնդիրներ ունի Ռուսաստանի բաղդատմամբ։ Ռուսաստան պիտի ըսէ, որ տեսէ՛ք, թէ ես ձեր բարեկամ երկիրը, գործընկերը ինչպէս իմ կողքս կը քաշեմ։ Քաղաքագէտի կանխատեսումներով, այս պայքարին մէջ ազդեցութիւնը բարձրացնել պիտի յաջողի այն կողմը, որ պիտի կարենայ աւելի ամուր ըլլալ։

Հայաստանի Գործատուներու հանրապետական միութիւններու նախագահ Գագիկ Մակարեանն ալ ունի այն մօտեցումը, թէ միայն երկու տարի վերջ պէտք է մտածել Եւրոասիոյ տնտեսական միութենէն դուրս գալու մասին։ Նոյն հաւանականութեան առընչութեամբ դիւանագէտ ու վերլուծաբան Արա Պապեան ըսաւ. «Եթէ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան չանդամակցելու համար Ռուսաստան կը սպառնար Հայաստանին, պատկերացուցէք՝ դուրս գալու պարագային ինչ կ՚ըլլայ»։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2017