ԲԱՐԵԿԱՐԳՄԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններէն եւ Գանատայէն խումբ մը երիտասարդներ վերջերս Անթիլիասի մէջ մասնակցեցան խտացեալ դասընթացքներու։ Համալսարանական այդ երիտասարդներուն տեսակէտէ հետաքրքրական էր այդ շրջանի ամրան աշխատանքը։ Անոնց միացան նաեւ Լիբանանի Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան անդամ երիտասարդները։ Խտացեալ դասընթացքին զուգահեռ այդ երիտասարդները հիւրընկալուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։ Անթիլիասի վանքի պարտէզին մէջ Նորին Սրբութիւնը երիտասարդներուն հետ զրուցեց եկեղեցւոյ բարեկարգման առընչուած խնդիրներու շուրջ։ Անգլերէնով վարուած զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան համապատասխան մտահոգութիւնները։ Շահեկան այս զրոյցը սփռուեցաւ «Cilicia TV» դիմատետրի էջին միջոցաւ։

Ըստ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներուն, երիտասարդներուն անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Աննա-Մարի Տանայեան (Արեւելեան թեմ)։ Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան խտացուած դասընթացքին կազմակերպման, ինչպէս նաեւ երիտասարդներուն հետ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան մասին կարծիք փոխանակելու առիթ ընծայելուն համար, որմէ ետք խօսքը փոխանցեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին։

Իր խօսքին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոսի իր գնահատանքը յայտնեց երիտասարդներուն՝ Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ իրենց ցուցաբերած հետաքրքրութեան ու յատկապէս անոր վերանորոգման ու բարեկարգութեան իրենց ունեցած նախանձախնդրութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը վերյիշեցուց, որ իր մտածումներուն ու աղօթներուն մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն երիտասարդները, ու ընդգծեց, որ անոնք Հայ Եկեղեցւոյ ու համայնքին մայր էջին կը պատկանին, իսկ զանոնք լուսանցքայնացնելու բոլոր փորձերը անընդունելի են։ Խօսելով եկեղեցւոյ բարեկարգման մասին՝ ան դիտել տուաւ, որ բարեկարգութիւնը ոչ թէ վարչական համակարգին կ՚ակնարկէ, այլ մէկ քայլ անդին երթալով իր մատը կը դնէ եկեղեցւոյ ամբողջական դրսեւորման վրայ, բան մը, որ շարունակական գործընթաց մըն է։ Ան աւելցուց, որ եկեղեցին կառոյց ու հոգեւորականութիւն չէ, այլ ժողովո՛ւրդն է, իսկ Հայ Եկեղեցին բարեկարգութենէն անդին պէտք է առաջնորդել դէպի վերանորոգում, որ աւելի համապարփակ գործընթաց մըն է։

Ինչ կը վերաբերի բարեկարգութիւն պահանջող մարզերուն, ան ամփոփ կէտերով մատնանշեց շարք մը բնագաւառներ ու պարզեց իր մտածումները ու ըսաւ, որ հարկ է քայլ պահել 21-րդ դարու փոփոխութիւններուն հետ՝ հիմնուելով Աստուածաշունչին եւ մեր եկեղեցւոյ հայրերու ուսուցումներուն ու արժէքներուն վրայ, Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանութիւնը դարձնել աւելի համապատասխան ներկայ դարուս, բարեկարգել մեր ծէսը, զարկ տալ մեր հոգեւոր դասու կազմաւորման, ինչպէս նաեւ աւանդութիւններն ու արդիականութիւնը ագուցանել իրարու հետ։ Ճիշդ չէ դարուս մարտահրաւէրները մերը չնկատել եւ անդրադարձ չունենալ հիմնախնդիրներու, որոնք անցեալին գոյութիւն չունէին. այս իմաստով ժողովուրդը ինք, ի մասնաւորի երիտասարդութեան նոր մտածելակերպն ու մօտեցումը հարցերուն նկատմամբ, պիտի մղէ եկեղեցին, որ խօսի հարցերու մասին ու բարեկարգումներու առաջարկներ ներկայացնէ։

Նորին Սրբութիւնը նաեւ շեշտեց, որ մեր եկեղեցւոյ վերանորոգման պէտք է նաեւ մասնակցին զանազան բնագաւառներուն մէջ մասնագիտութիւն ձեռք ձգած անձեր, տիկիններ ու երիտասարդներ. չմոռնանք, որ մեր եկեղեցին ազգային եկեղեցի է. ինչպէս ժամանակին իշխաններ, նոյնիսկ զինուորականներ, մասնակից դարձած են բարեկարգչական ժողովներու, այսօր եւս մեր եկեղեցւոյ վերանորոգումը կղերակեդրոն պէտք չէ ըլլայ, այլ ժողովրդակեդրոն։

Ան լուսարձակի տակ առաւ հոգեւոր հովիւներուն պարտաւորութիւնները եւ յայտնեց, որ եկեղեցին անոնց չի պատկանիր, այլ՝ ժողովուրդին, հետեւաբար, անոնց պարտականութիւններէն է եկեղեցին տանիլ ժողովուրդին։

Զրոյցին երկրորդ բաժինով երիտասարդները իրենց հարցումները ուղղեցին ու մտահոգութիւնները բաժնեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։ Անոնք հիմնականօրէն անդրադարձան ժողովուրդին մօտ բարեկարգումներ յառաջացնելու մարտահրաւէրներուն, եկեղեցւոյ թափանցիկութեան, հին ու նոր սերունդին բախումներուն, հոգեւորական ու աշխարհիկ յարաբերութիւններուն, լեզուի խոչընդոտի (գրաբար թէ աշխարհաբար), կրօնի եւ գիտութեան, ներկայ դարու հաւատի ամրացման, քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ բարոյագիտութեան։

Նորին Սրբութիւնը իւրաքանչիւր հարցին տալով համապատասխան լուսաբանութիւն՝ միշտ ընդգծեց երիտասարդներուն կարեւոր դերակատարութիւնը փոփոխութիւն եւ բարեկարգում բերելու գործընթացին մէջ։

Եզրափակելով երեկոն, Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց, որ եկեղեցւոյ բարեկարգումը կը պահանջէ հետեւողական աշխատանք ու լայնամիտ մասնակցութիւն, հեռու կարծրատիպ մօտեցումներէ ու ըսաւ. «Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգումը սկսաւ այս վայրկեանէն՝ անոր նկատմամբ մեր երիտասարդութեան ցուցաբերած նախանձախնդրութեամբ ու անոր մասնակից դառնալու պատրաստակամութեամբ»։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 9, 2018