ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Երէկ, Երեւանի մէջ բացուեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը։ «Նարեկացի» արուեստի միութեան երդիքին տակ կազմակերպուած էր այս ցուցահանդէսը, որ խորագրուած էր՝ «Ամերիկայի օգնութիւնը 1918-1920 թուականներուն Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան մէջ»։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ցուցահանդէսը ձօնուած է 1915-ի շրջանին Արեւելեան Հայաստան հաստատուած ամերիկացի կամաւորական Էլտէր եղբայրներուն։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է Ամերիկայի Հայկական համագումարին, Ուաշինկթընի Հայկական ազգային կաճառին եւ «Նարեկացի» արուեստի միութեան կողմէ։

Ցուցահանդէսի բացման ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, որ համոզուած է, թէ նման ձեռնարկները կարեւոր են հայ հասարակութեան համար։ «Սա տեղեկութիւններու նոր աղբիւր մըն է մեր պատմութեան, Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան եւ այլ շատ մը բաներու մասին։ Հարկաւոր է նման միջոցառումներով աւելի շատ իրազեկել հասարակութիւնը», ըսաւ նախարարը «Արմէնփրէս»ի թղթակցին հետ զրուցելու ընթացքին։

Այս ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան ժամանակաշրջանին հայերը բազմաթիւ վտանգներէ փրկելու ուղղուած Ճոն Էլտէրի եւ Ճէյմս Էրոլի գործադրած ջանքերու պատմութիւնը։ Ծրագիրը պատրաստուած է Ճոն Էլտէրի անձնական օրագրի եւ լուսանկարներու հիման վրայ։ Ցուցադրութեան ներկայացուած են 95 լուսանկարներ, որոնցմէ 64-ը մաս կը կազմեն Ճոն Էլտէրի հաւաքածոյին։ Ներկայացուած են ութ ժամանակակից արձանագրութիւններ եւ փաստաթուղթեր եւ չորս քարտէսներ։ Ճոն Էլտէրին կը վերագրուի 15 հազար հայ որբերուն տրամադրուած օգնութիւնը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 9, 2018