ՇՐՋԱՆԱԿԱՅԻՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ

Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւններուն միջեւ երէկ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցան բանակցութիւններ։ Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ առկայ լարուածութիւնները յաղթահարելու եւ բնականոնացում ապահովելու առաջադրութեամբ տեղի կ՚ունենան այս բանակցութիւնները։ Հանրային կարծիքի վառ հետաքրքրութեան մթնոլորտին մէջ կողմերու բարձրաստիճան պատուիրակութիւնները սեղանի վրայ դրին առկայ խնդիրները։ Թրքական պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սետաթ Էօնալ։ Ամերիկեան պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուէր ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ճոն Սուլիվան։ Թրքական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն երեք նախարարութիւններէ երեքական ներկայացուցիչներ, որոնց միացաւ նաեւ Ուաշինկթնի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Սերտար Քըլըչ։

Թրքական պատուիրակութիւնը առաջին հերթին այցելեց ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր ծաւալուած քննարկումները տեւեցին շուրջ 50 վայրկեան։ Պատուիրակութիւնը աւելի վերջ ուղղուեցաւ դէպի ԱՄՆ-ի Գանձի նախարարութիւն, ուր շուրջ մէկուկէս ժամուան բանակցութիւններ ծաւալուեցան։ Հանդիպումներէն վերջ թրքական պատուիրակութիւնը որեւէ յայտարարութիւն չկատարեց։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութիւնը այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ կարճ յայտարարութիւնով մը, որով տեղեկացուեցաւ, որ թուրք իրաւասուներու հետ յաւելեալ հանդիպումներ կատարուած են եւ քննարկումները կը շարունակուին։ Օրակարգի վրայ եկած են երկկողմանի յարաբերութիւններու վերաբերեալ բազմաթիւ խնդիրներ։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, թրքական եւ ամերիկեան պատուիրակութիւնները բանակցութիւններ կը վարեն՝ իրաւական տեսակէտէ ոչ-պարտադիր շրջանակային փաստաթուղթի մը վրայ։ Եթէ կողմերու միջեւ գոյանայ սկզբնական համաձայնութիւն մը, ապա վերջին խօսքը պիտի վիճակի երկու երկիրներու ղեկավարներուն։

Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ ամերիկեան զանգուածային լրատուութեան միջոցները եւս արձագանգ կը հանդիսանան այս բանակցութիւններուն։ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 9, 2018