ԲՈԼՈՐ ՄԻՋՈՑՆԵՐԸ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուած իրադրութիւնը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Շաբաթավերջին, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեան այցելեց Տաւուշի մարզը։ Այս առթիւ ան երրորդ զօրամիաւորման կազմին եւ ենթակայ ստորաբաժանումներուն ներկայացուց՝ այդ զօրամիաւորման նորանշանակ հրամանատար գնդապետ Ալեքսանտր Ցականեանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան յայտնեց, թէ գնդապետ Ցականեան բանակաշինութեան եւ հայրենիքի պաշտպանութեան գործին մէջ ունի լուրջ աւանդ։ Նախարարը նաեւ վստահութիւն յայտնեց, թէ զօրամիաւորումը նորանշանակ հրամանատարի գլխաւորութեամբ լիարժէք պիտի կատարէ իր առջեւ դրուած խնդիրները։

Արշակ Կարապետեան, որ նշանակուած օրէն ի վեր հանդէս կու գայ վճռական պատգամներով, անգամ մը եւս խստօրէն հրահանգեց կասեցնել Հայաստանի սահմանը հատելու ուղղեալ Ատրպէյճանի բոլոր փորձերը։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճան որեւէ ձեւով պէտք չէ նոյնիսկ մտածէ ներթափանցել Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս։ «Սա ձեր խնդիրն է», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ հրամանատարը եւ զօրամասի հրամանատարները, ստորաբաժանումներու հրամանատարները՝ սկսեալ դիրքի հրամանատարէն, ունին բոլոր իրաւասութիւնները կիրառելու համար բոլոր միջոցները երկրի սահմանները պաշտպանելու նպատակով։ «Միեւնոյն ժամանակ, մենք որեւէ ձեւով չենք ուզեր որեւէ ուղղութեան վրայ սրացումներ ունենալ։ Բայց եթէ փորձեցին ներթափանցել մեր տարածքը, ես բոլորիդ կը հրամայեմ կիրառել բոլոր միջոցները, որպէսզի այդ միտումները յաջողութեան չհասնին», ըսաւ Արշակ Կարապետեան։

Այցելութեան ընթացքին նախարարը ծաղիկներ խոնարհեց Արցախի վերջին պատերազմին ժամանակ նահատակուած զինուորներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին առջեւ։ Անձնակազմի մարտական պատրաստականութիւնը ստուգելու համար՝ զօրամիաւորման հրասայլային եւ հրետանային ստորաբաժանումներուն յայտարարուեցաւ պայմանական «տագնապ»։

Մինչ այդ, «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ տարածեց հաղորդագրութիւն մը, որով պնդուեցաւ, որ հայկական զինեալ ուժերը երէկ գնդակոծած են Նախիջեւանի դիրքերը։ Կրակի տակ մնացած են Սետերեքի շրջանի Հայտարապատ գիւղին մօտ գտնուող դիրքերը։ Տուժածներ չեն եղած։ Ըստ նոյն լուրերուն, տեղական ժամով 13.00-ի շուրջ պատահած են դէպքերը։

Միւս կողմէ, մինչ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը պաշտօնապէս ձեռնարկեց իր աշխատանքին՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ հերթական անգամ ընդգծեց, որ Երեւանի համար առաջնահերթութիւն կը համարուի տարածքաշրջանէ ներս հաղորդակցութեան ուղիներու բացման օրակարգը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, այս կապակցութեամբ Փաշինեան ըսաւ. «Կը կարեւորենք եւ առաջնահերթութիւն կը համարենք մեզի համար տարածքաշրջանի հաղորդակցութեան ուղիներու բացման օրակարգը։ Բոլոր ջանքերուն հետեւողականօրէն պիտի ձեռնարկենք, որպէսզի Հայաստանի ապաշրջափակումը յաղթահարենք եւ կարողանանք իսկապէս արդիւնաբերութիւն սպասարկելու համար անհրաժեշտ հաղորդակցութիւններ ունենալ։ Խօսքը կը վերաբերի այն երկաթուղիին, որ Հայաստանը կը կապէ արտաքին աշխարհի բոլոր ուղղութիւններով»։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 9, 2021