ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ ՀԱՍՈՒՆԱՑՈՒՄ

Հայաստանի մէջ կը նախատեսուի 2024 թուականէն սկսեալ հաստատել առողջութեան համապարփակ ապահովագրութեան դրութիւն մը, ինչպէս նաեւ կրնայ սահմանուիլ առողջապահութեան տուրք մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ այս նիւթին վերաբերեալ կարեւոր քննարկում մը, որ խորագրուած էր. «Առողջութեան ապահովագրութիւնը Հայաստանի մէջ. իրաւական կարգաւորումները եւ գործնական կիրառումը»։ «Քոնրատ Ատենաուէր» հիմնարկի եւ Հայկական բժշկական ընկերակցութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս քննարկումը։

Իրականութեան մէջ առողջութեան ապահովագրութեան դրութիւն մը հաստատելու ուղղեալ աշխատանքները Հայաստանի մէջ շուրջ երկու տարի առաջ սկսան։ Ընթացքին մշակուեցաւ հայեցակարգ մը, հաստատուեցաւ ապահովագրութեան համակարգի ներդրման ճանապարհային քարտէսը, իրականացուեցաւ նաեւ հիմնական ծառայութիւններու ծրարի գնահատումը, բնակչութեան խումբերու սահմանումը եւ այլն։ Այժմ կը նախատեսուի առողջութեան համապարփակ ապահովագրութեան դրութեան հաստատման վերաբերեալ օրէնքի մը մշակումը եւ Հայաստանի ներկայ օրէնսդրութեան մէջ այս ուղղութեամբ փոփոխութիւններու ծրարի մը մշակումը։ Քննարկումներուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Առողջապահութեան փոխ-նախարար Լենա Նանուշեան։ «Քոնրատ Ատենաուէր» հիմնադրամի «Քաղաքական երկխօսութիւն Հարաւային Կովկաս»ի տարածքաշրջանային ծրագրի փոխ-տնօրէն Եոնաթան Նովաք այս առթիւ նշեց, որ բժշկական ծառայութիւնները հասարակութեան համար պէտք է մատչելի ըլլան։ Այս նպատակով պէտք է հաստատուին լաւ ապահովագրական համակարգեր, նաեւ լաւ իրաւական հիմքեր պէտք է պատրաստուին՝ նման համակարգերու ստեղծման համար։

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի Հանրային առողջապահութեան ֆաքիւլթէի վերատեսուչ Վարդուհի Պետրոսեանն ալ հաւաքոյթի ընթացքին խօսեցաւ ապահովագրութեան միջազգային գործնական օրինակներուն, զանազան դրութիւններուն մասին։ Ան յիշեցուց, թէ կան երկիրներ, ուր աշխատող քաղաքացիները որոշ չափով վճարումներ կը կատարեն, կան նաեւ երկիրներ, ուր յաւելեալ տուրքեր հաստատուած են։ Պետրոսեան համոզուած է, թէ Հայաստան պատրաստ է առողջութեան պարտադիր ապահովագրութեան դրութեան անցնելու եւ այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է քաղաքական կամքի ցուցաբերում եւ յաւելեալ ելմտական միջոցներու յատկացում։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 9, 2021