ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԸ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՆՈՐ ՕՐԷՆՔԸ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐՀԱԿ ՀԱՄԱՐԵՑ

Հայաստանի Սահմանադրական ատեանը նախընթաց օր շարք մը կարեւոր վճիռներ արձակեց՝ վերջին շրջանին երկրի օրէնսդիր մարմնին կողմէ ընդունուած շարք մը օրէնքներու կապակցութեամբ։ Այսպէս, Բարձրագոյն դատարանի կողմէ Սահմանադրութեան ներհակ նկատուեցան շարք մը օրէնքներ, որոնց կարգին կը գտնուի նաեւ բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին ընդունուած նոր օրէնքը։ Թէեւ տասնեակ այլ շարք մը օրէնքներ եւս Սահմանադրութեան ներհակ ճանաչուած են Բարձրագոյն դատարանին կողմէ, սակայն այդ ամբողջին մէջ ամենաուշագրաւը այս մէկն է՝ բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին ընդունուած նոր օրէնքը։

Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, գործի քննութեան արդիւնքներուն հիման վրայ, ղեկավարուելով Սահմանադրութեան 168-րդ յօդուածի առաջին կէտով, 169-րդ յօդուածի առաջին մասի 4-րդ կէտով, 170-րդ յօդուածով, «Սահմանադրական ատեանի մասին» սահմանադրական օրէնքի 63, 64 եւ 73-րդ յօդուածներով՝ Սահմանադրական ատեանը որոշած է, որ իր արձակած վճիռը վերջնական է եւ ի զօրու կը դառնայ հրապարակման պահէն սկսեալ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 9, 2021