ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿԱՆԻՇ

Հայաստանի մէջ վերջերս թողարկուեցաւ նամականիշ մը, որ ձօնուած է մեծանուն երգահան Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան 100-ամեակի յոբելեանին։ Երեւանի «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս դրոշմաթուղթի կնքման եւ շրջանառութեան մէջ դրման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ «Մեծանուն հայեր. Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան 100-ամեակը» անուանուած է դրոշմաթուղթ-գեղաթերթիկը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, սա Հայաստանի մէջ թողարկուած առաջին տեսաձայնային նամականիշն է։

Կնքման արարողութեան մասնակցեցան «Հայփոստ»ի ընդհանուր տնօրէն Հայկ Կարապետեան, Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի փոխ-նախարար Արա Խզմալեան, Հայաստանի Բարձր փորձագիտութիւններու եւ արդիւնաբերութեան փոխ-նախարար Դաւիթ Սահակեան եւ Ֆիլաթելիստներու միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեան։

Հայկ Կարապետեան այս առթիւ ընդգծեց, որ գեղաթերթիկը իր ձեւաչափով եզակի է։ «Առաջին անգամ թողարկած ենք տեսաձայնային նամականիշ մը։ Պիտի շարունակենք մեր նորամուծութիւնները հայկական ֆիլաթելիայի մէջ։ Վստահ եմ, թէ աւելի մեծ հետաքրքրութիւն պիտի յառաջացնենք նամականիշերու նկատմամբ», նշեց Կարապետեան։

1000 հայկական դրամ անուանական արժէքով գեղաթերթիկի նամականիշին վրայ պատկերուած է երգահան ու դաշնակահար Առնօ Բաբաջանեանը։ Գեղաթերթիկի վրայ պատկերուած է Արամ Խաչատրեանի համերգասրահը, կան «100-ամեակ» եւ «Առնօ Բաբաջանեան» գրառումները՝ հայերէնով եւ անգլերէնով։ Գեղաթերթիկի վարի աջ անկիւնին տեղադրուած է «ARLOOPA» յաւելուածի նշանը։ Ներբեւեռներով յաւելուածը եւ սքենաւորուած գեղաթերթիկով՝ հնարաւոր է վայելել Բաբաջանեանի «Նոքթիւրն» ստեղծագործութիւնը, իր իսկ կատարումով։ Ընդհանուր առմամբ այս նամականիշէն թողարկուած է 30 հազար հատ։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 9, 2021