«ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԱՆԿԵՂԾ»

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ նոր շրջան մը սկսած է։ Նախագահ Էրտողան եւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ ելոյթներ ունենալով անդրադարձան տարածաշրջանային իրավիճակին եւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած տարեկան դեսպանահաւաքի բացման փուլին թէ՛ Էրտողան եւ թէ Չավուշօղլու հանդէս եկան ծաւալուն ելոյթներով։

«Առանց դաշտի վրայ ամուր ըլլալու դժուար թէ սեղանի գլուխ ձեռքբերումներ ապահովել հնարաւոր ըլլայ։ Այս հանգամանքի վառ օրինակներէն մին է Ատրպէյճանի բռնագրաւեալ տարածքներու ազատագրումը։ Մօտաւորապէս երեսուն տարի տեւած բռնագրաւման, սպանդի եւ ցեղասպանական քաղաքականութիւններու փոխարէն միջազգային հաւաքականութիւնը նկատելի որեւէ քայլ չէ առած։ Ատրպէյճանցիները պարտաւորուած են տարիներ շարուանակ թէ՛ բռնագրաւման եւ թէ կորուստներու ցաւով ապրելու», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն բախտ վիճակեցաւ վերջ տալ այս անարդարութեան՝ Թուրքիոյ զօրակցութեամբ։ Ան շարունակեց. «44 օր տեւած դիւցազնային պայքարի մը արդիւնքին, փառք Աստուծոյ, Ղարաբաղը վերստին անկախացաւ, 30 տարուան բռնագրաւումը վերջ գտաւ։ Այդ փուլին գոյացած համաձայնութիւնով Հարաւային Կովկասի մէջ նոր շրջան մը սկսաւ։ Խտացեալ ջանքեր կը գործադրենք, որպէսզի այս պատմական հնարաւորութիւնը չմսխուի»։

Նախագահ Էրտողան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի հետ սերտ խորհրդակցութեամբ ցայսօր բազմաթիւ քայլեր առնուած են։ Կովկասէ ներս մշտական խաղաղութեան ուղղութեամբ կարեւոր ճանապարհ կտրուած է, հակառակ արմատական հայկական շրջանակներու խափանարարութիւններուն։ Նախագահը շեշտեց, որ Հայաստանի հետ կը շարունակուին յատուկ ներկայացուցիչներու միջոցաւ սկսած տեսակցութիւնները։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ մօտաւոր անցեալի հեռախօսազրոյցն ալ որակեց շինիչ։ «Համոզուած եմ, թէ Հայաստան իրադարձութիւնները ճիշդ ընկալելով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ անկեղծ կոչերուն պիտի ընդառաջէ ու մեր տարածաշրջանը շուտով կայունութեան պիտի հասնի», եզրակացուց Էրտողան։

Իր կարգին, Արտաքին գործոց նախարար Չավուշօղլուն ալ Դեսպաններու 13-րդ խորհրդաժողովի շրջանակին մէջ արտայայտուեցաւ, նաեւ ունկնդրեց ելոյթները ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Մարիա Շմիթի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար  Ճէյհուն Պայրամովի, որոնք եւս հրաւիրուած էին դեսպանահաւաքին։ Չավուշօղլու յիշեցուց, որ թրքական աշխարհը ա՛լ աւելի համախմբուած է՝ թրքախօս երկիրներու անկախութենէն 30 տարի անց։ Անոնց իրերահիւսման ամենամեծ առիթը եղած է Ղարաբաղի յաղթանակը, որով Հայաստանի ձեռքէն ետ առնուած են բռնագրաւեալ տարածքները։ Ղարաբաղի յաղթանակով թրքական աշխարհի ինքնավստահութիւնը ա՛լ աւելի բարձրացած է։ Ըստ Չավուշօղլուի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ ստեղծուած են եռակողմանի կամ քառակողմանի զանազան ձեւաչափեր։ Այսպէսով, գլխաւորութեամբ Ասիոյ, տարածաշրջանի խաղաղութեան ուղղեալ աշխատանքներուն առընթեր կը ձգտին նպաստել փոխադրութեան ու առեւտուրի նման բնագաւառներու զարգացման։

Ապա Չավուշօղլու խօսեցաւ Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացին մասին։ Ան կրկնեց, որ բնականոնացումը նպաստաւոր է նաեւ Հայաստանի համար։ Չավուշօղլու յիշեցուց, որ ամենայաճախակիօրէն շփուած պաշտօնակիցը Ճէյհուն Պայրամովն է։ «Հայաստանի հետ առանձին-առանձին մեր կողմէ յառաջ տարուած բնականոնացման գործընթացը կը համակարգենք ու իւրաքանչիւր փուլին իրարու տեղեկութիւն կու տանք, կը խորհրդակցինք։ Ի պահանջել հարկին կ՚որոշենք, որ նուրբ կէտերու վրայ ինչպիսի քայլեր պիտի առնենք», ըսաւ Չավուշօղլու, որ վերջին իրադարձութիւններուն անդրադառնալով՝ ըսաւ. «Հայաստանը հերթական անգամ կը զգուշացնեմ, որպէսզի մանաւանդ խափանարարութիւններէ խուսափի։ Տարածաշրջանի կայունութեան, անդորրութեան ու խաղաղութեան համար Թուրքիա եւ Ատրպէյճան անկեղծ են։ Այս բնականոնացումը Հայաստանին ալ ի նպաստ է։ Միայն լաւ խօսքերը չեն բաւեր։ Պէտք է շօշափելի քայլեր առնենք եւ համաձայնութիւնները կեանքի կոչենք»։ Բաց աստի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զօրակցութիւնը ընդգծելով՝ Չավուշօղլու նշեց, որ այն հարթութիւններուն վրայ, ուր Թուրքիա բացակայ է, Ատրպէյճան Թուրքիոյ համազօր կը պաշտպանէ անոր իրաւունքները։

Նոյն ելոյթին ժամանակ Չավուշօղլու նշեց, որ համամիտ չէ ԵԱՀԿ-էն Ռուսաստանի դուրս թողուելուն, սա ճիշդ չ՚ըլլար, որովհետեւ կազմակերպութեան ներառականութեան վնաս կը հասցնէ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2022