ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄԸ ԿՐՆԱՅ ՀԵԶԱՍԱՀ ՉԸՆԹԱՆԱԼ
Արցախի ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններու ամբողջ առանցքը հանգուցուած է նոյեմբերի 9-ի հրադադարի համաձայնութեան 6-րդ կէտին շուրջ:
6-րդ կէտ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կը վերադարձնէ Քելպեճէրի շրջանը մինչեւ 2020 թուականի նոյեմբերի 15-ը, իսկ Լաչինի շրջանը՝ մինչեւ 2020 թուականի դեկտեմբերի 1-ը: Լաչինի միջանցքը (5 քմ. լայնութեամբ), որ պիտի ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի կապը Հայաստանի հետ, ընդ որում շրջանցելով Շուշի քաղաքը, կը մնայ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան ներքոյ: Կողմերուն համաձայնութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապը ապահովելու համար յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին պիտի հաստատուի Լաչինի միջանցքի երկայնքով նոր երթուղիի կառուցման նախագիծ, որմէ ետք ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը կը վերատեղակայուի՝ այդ երթուղին պաշտպանելու համար: Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը կ՚երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրական եւ բեռնատար միջոցներու երթեւեկութեան անվտանգութիւնը երկու ուղղութիւններով»:
Խնդիրը հիմնականին մէջ այս կէտին վերջին բաժնին մէջ կը կայանայ: Նոր երթուղիի նախագծին շուրջ «կողմերուն համաձայնութեամբ»ը թէականութիւն ստեղծած է: Փաստօրէն Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը կը յայտարարէր, որ այս պահու դրութեամբ համաձայնեցուած ծրագիր գոյութիւն չունի: Թէ՝ յամենայնդէպս Հայաստանը որեւէ ծրագրի համաձայնութիւն չէ տուած, հետեւաբար Ատրպէյճանի պահանջը օրինական չէ:
Պաշտօնական այս յայտարարութիւնը, ըստ էութեան, կը հակասէր վարչապետի մամլոյ ասուլիսին հնչած Բերձորն ու Աղաւնոն բնակչութենէ պարպելու յորդորին՝ առ ի գործադրութիւն նոր երթուղիի կամ աւելի ուղղակի Լաչինի միջանցքի փակման գործողութեան:
Տրամաբանութիւնը կ՚ընթանայ ճանապարհ-ճանապարհի դիմաց բանաձեւով: Կրնայ եղածը համազօր նկատուիլ միջանցքի կամ երկու պարագաներուն արտատարածքային կարգավիճակով միջանցքներու գործարկումի վերացումին: Իսկ միջանցքի գաղափարի շրջանցումը կամ Լաչինի այլընտրանքի վրայ կեդրոնացումը աւելի շեշտուեցաւ Թեհրանի եռակողմ հանդիպումէն ետք, երբ պարզ դարձաւ, որ Իրան չի հանդուրժեր Հայաստանի Հանրապետութեան հետ իր ունեցած սահմանային կարգավիճակի որեւէ փոփոխութեան:
Խորքին մէջ ռուսական վերահսկողութեամբ Լաչինի միջանցքի փակման ճնշամիջոցներն են, որ տեղի կ՚ունենան: Նոյն կարգավիճակը պիտի չունենայ այլընտրանքային երթուղին: Այսինքն, ըստ էութեան, միջանցք-միջանցքի դիմաց Ատրպէյճանի բանաձեւը չէ աշխատած, հիմա Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախ ճանապարհին դիմաց Ատրպէյճան-Նախիջեւան ճանապարհ այլընտրանքն է, որուն իրականացման համար ճնշամիջոցներ կը գործադրէ Պաքուն:
Հիմա կը գոյանայ այլ հիմնական հարց մը: Ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան հարուած կը հասցուի այս ձեւով, երբ Ատրպէյճանի ծրագիրի շտապողականութիւնը ապահովելու համար կը դիմուի ռազմական գործողութիւններու: Որմէ բնական մեկնաբանութիւնը. եթէ Ատրպէյճան կը խախտէ հրադադարը, սա կը նշանակէ, որ կը խախտէ 9 նոյեմբերի համաձայնութիւնը: Այդ համաձայնութիւնը նախ հրադադարի հաստատում է, որ այսպիսով խախտուած կ՚ըլլայ։ Սա կը նշանակէ, որ ինքնաբերաբար բոլոր կէտերն ու ենթակէտերը եւս ուժի մէջ մնալու իրաւականութիւնը չեն պահեր:
Սկզբունքով Մոսկուայի շահերէն չի բխիր իր միջնորդութեամբ եւ իր երաշխաւորութեամբ կայացած համաձայնութիւններու խախտումը: Այդ դուռ կը բանայ ստեղծուած գոյավիճակի հաւանական փոփոխութիւններուն եւ արդէն իսկ հակամարտութեան լուծման ու ապաշրջափակման գործողութիւններուն օժանդակելու պատրաստ Միացեալ Նահանգներուն կամ միջնորդական առաքելութիւն շարունակող Եւրոմիութեան:
Միաժամանակ քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ մեծ հաշուով ռուս-թրքական համախոհութեամբ կայացած այս համաձայնութիւնը զինուորական գործողութիւններով խախտելու Պաքուի նախաձեռնութիւնը անպայման Անգարայի հետ համաձայնեցուած էր: Մանաւանդ՝ երբ մեծ հաշուով տեսնենք, թէ ճանապարհ-ճանապարհի դիմացով ո՛չ միայն Նախիջեւանն է Ատրպէյճանին միացողը, այլեւ Թուրքիան:
Քանի մը հետեւութիւն ուրեմն. նախ Պաքուն ռազմական գործողութիւններով կը փորձէ արագացնել Լաչինի այլընտրանքը եւ հայկական կողմին յիշեցնել, որ իրեն վերապահուած հատուածի ճանապարհաշինութեան աշխատանքներուն ձեռնարկէ անմիջապէս:
Պաքու, իր կարգին, կը շահագործուի Անգարայի կողմէ Մոսկուային ուղերձ փոխանցելու, թէ գոյավիճակի փոփոխութիւնը Արեւմուտքի թափանցումն է Հարաւային Կովկաս։ Ուրեմն Մոսկուա խիստ կարիքն ունի Անգարային այդ թափանցումը արգելակելու: Այս խիստ կարիքը իր գինը ունի աշխարհագրական այլ միջավայրերու մէջ:
Եթէ ընդունինք այս տրամաբանութիւնը, ապա օգտակար պիտի չնկատենք Երեւանի յուշումը, թէ կարելի է քննարկել անվտանգութեան պահպանման միջազգային գործիքակազմեր կամ ռուսական խաղաղապահութեան միջազգային յաւելեալ լիազօրութիւններ ապահովելու:
Միջազգային գործիքակազմի ապահովման դիմումի նախադրեալները կը միտին ռուս-թրքական յաւելեալ մերձեցումի, որմէ միայն կը տուժէ հայկական կողմը:
Իսկ ներկայ պայմաններուն մէջ Մոսկուայի յստակացումը, թէ խաղաղապահ առաքելութեան ձեւաչափի փոփոխութեան որեւէ պաշտօնական դիմում չէ եղած Երեւանի կողմէ, պէտք է ընկալել նման դիմում չպաշտօնականացնելու յորդորով:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի