Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՆԵՆ ՌՈՒՍ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀ ՈՒԺԵՐԸ

Հազիւ թէ Հայաստանի վերջին զինուորները օգոստոսի սկիզբին քաշուեցան Արցախէն՝ Ատրպէյճանի զօրքերը յարձակում գործեցին Բերձորի վրայ՝ պատրուակելով Արցախը Հայաստանին կապող, Ատրպէյճանի նոր կառուցած ճանապարհը գործածելու հայկական կողմին մերժումը։ 9 նոյեմբեր 2020-ի հրադադարի համաձայնագիրը պայման կը դնէ, որ Արցախը Հայաստանին կապող նոր ճանապարհի ուղեծիրը պէտք է որոշուի համաձայնագիրը ստորագրած իսկ երեք կողմերու հաւանութեամբ։ Ազերիները նոր միջանցք մը շինած են ինքնագլուխ կերպով, առանց ռուսերուն եւ հայերուն հետ խորհրդակցելու։ Եւ համաձայնագիրը այդ նոր միջանցքի կառուցման համար պայմանաժամ սահմանած է 2023 թուականը։ Հայաստան անցեալ ամիս սկսաւ ճանապարհի իր հատուածին կառուցման աշխատանքները, որոնք պիտի տեւեն տարի մը։

Այս պայմաններուն մէջ, ազերիներու յարձակումը պարզապէս Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմէն օգտուելով՝ Հայաստանին ու Արցախին իր պայմանները պարտադրել կը միտի, ոտնակոխելով միջազգային բոլոր համաձայնութիւնները եւ մարդկային իրաւունքները։

Ռուսերը յայտարարեցին եւ ընդունեցին, որ ազերիները խախտած են հրադադարը։ Սակայն, մէկ բան է արձագանգել ազերիներու խախտումին, այլ բան՝ արգելք հանդիսանալը, յարձակումին առաջքը առնելը, զգուշացնելը։ 9 նոյեմբերի հրադադարի համաձայնագրի 5-րդ կէտը կը նախատեսէ.

«Հակամարտ կողմերուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւններու կատարման վերահսկողութիւնը բարձրացնելու նպատակով կը ստեղծուի հրադադարի վերահսկման խաղաղապահ կեդրոն»։

Ինչո՞ւ այդ կեդրոնը չի վերահսկեր իրավիճակը։ Ինչո՞ւ ազերիները որեւէ պահանջ խորհրդակցական ճամբով չեն լուծեր, այլ միշտ՝ ռազմական գործողութեան միջոցով։ 9 նոյեմբերի համաձայնագիրը կը հաստատէ աւարտը ռազմական գործողութիւններու եւ ռուսական կողմը իբրեւ երաշխաւոր համաձայնագրին՝ կը կրէ ամբողջական պատասխանատուութիւնը այս իրավիճակին։ 2020-էն ի վեր առաջին անգամ չէ, որ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ յարձակումներու ընթացքին ռուս խաղաղապահ ուժերը դէտի դիրք գրաւած են առանց պատասխանատուութիւն ստանձնելու։

Ինչ որ ընդգծելի է ներկայիս՝ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հակազդեցութիւնն է եւ դիմադրութիւնը, փոխանակ միամտօրէն ապաւինելու ռուս խաղաղապահ ուժերու միջամտութեան։ Թէեւ Արցախի բանակի զինուորները սուղ վճարեցին իրենց ինքնապաշտպանութեան գինը՝ 2 զոհ եւ 19 վիրաւոր, բայց եւ այնպէս, սա ցոյց տուաւ խիզախութիւն, դիմադրութեան կամք։ Թշնամին գործածած է հարուածային անօդաչուներ, նռնականետեր եւ հրազէնային տարբեր միջոցներ։

Մինչեւ վերջերս Ատրպէյճան Հայաստանը կ՚ամբաստանէր 9 նոյեմբերի համաձայնագրի 4-րդ կէտը չէ յարգած, այսինքն՝ Հայաստանի ուժերը Արցախէն քաշելու պայմանը։ Օգոստոս 4-ի կառավարութեան նիստին ժամանակ վարչապետ Փաշինեան պարզաբանեց, որ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը տեղակայուած է հայկական զինեալ ուժերու մեկնումին զուգահեռ։ «Ատրպէյճան այսօր անընդհատ կը խօսի Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի մասին, թէ ինչո՞ւ անոնք տեղակայուած են շփման գծի երկայնքով։ Եթէ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խաղաղապահ զօրախումբը, Ատրպէյճանը երաշխաւորեն շփման գծի անձեռնմխելիութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակը, կը կարծեմ, մարտական հերթապահութիւն իրականացնելու անհրաժեշտութիւն չ՚ունենար։ Նման անհրաժեշտութիւն յառաջացած է միայն այն բանէն յետոյ, երբ Ատրպէյճան հրաժարած է ստորագրել խաղաղապահներու լիազօրութիւնը եւ շարունակաբար կը խախտէ 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի եռակողմանի յայտարարութեան դրոյթները՝ ներառեալ բոլոր ռազմական գործողութիւններու դադարեցումը», յայտարարեց Հայաստանի վարչապետը։

Ան բարձրացուց շփման գծի անվտանգութեան ապահովութեան խնդիրը՝ ըսելով. «Դեռ եւս 2020 թուականի նոյեմբերէն մեր աշխատանքի ուղղութիւններէն մին եղած է այս բանը։ Ինչպէ՞ս կ՚ապահովենք շփման գծի գոյութիւնը, անվտանգութիւնը։ Այս հարցերը պէտք է լուծում ստանան եռակողմանի ձեւաչափով։ Եթէ մենք տեսնենք, որ եռակողմանի ձեւաչափով լուծումները հնարաւոր չեն ըլլար, պիտի մտածենք լրացուցիչ միջազգային դրութիւններու գործարկման մասին»։

Իսկ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին զգուշացուց՝ Արցախի բնակչութեան ռուս խաղաղապահ ուժերու հանդէպ վստահութեան նուազումի վտանգին դէմ։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2022