ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք քննարկեցին Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի անվտանգութեան ապահովման հարցերը։ Հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է զրոյցը, որու ընթացքին Փաշինեան եւ Փութին վերահաստատած են Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու բոլոր դրոյթներու կարեւորութիւնը։ Ատրպէյճանի ստորաբաժանումներու կողմէ հրադադարի խախտումներն ալ կը շարունակուին թէ՛ Արցախի հետ շփման գծին եւ թէ Հայաստանի սահմաններու երկայնքով։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ նախընթաց օր այս պատճառով զինուոր մը վիրաւորուած է։

Առկայ լարուածութիւնը կը շարունակէ միջազգային հանրութեան օրակարգն ալ զբաղեցնել։ Երէկ, Փեքինի ղեկավարութիւնը յոյս յայտնեց, թէ Երեւան եւ Պաքու հնարաւորութիւններ կը գտնեն  առկայ տարակարծութիւնները լուծելու քաղաքական երկխօսութեան շրջանակին մէջ։ Այսպէս, Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վան Վենտին կոչ ուղղեց, որպէսզի Ատրպէյճան եւ Հայաստան խուսափին տարածաշրջանէ ներս իրավիճակը սրելէ։ Բանբերը շեշտեց, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը բարեկամ պետութիւններ են Չինաստանի համար։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2022