«ՄՈՍԿՈՒԱ Չ՚ԸԼԼԱՐ ՎԵՐԱՊԱՀ»

Գեր­մա­նաբ­նակ քա­ղա­քա­գէտ, մի­ջազ­գայ­նա­գէտ, ԱՊՀ-ա­կան եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ծրագ­րե­րու տնօ­րէն Ա­լեք­սանտր Ռառ յայ­տա­րա­րեց, որ Եւ­րո­միու­թիւ­նը պատ­րանք կը ստեղ­ծէ, որ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թիւ­նը ձա­խո­ղած չէ։

«tert.am» կայ­քէ­ջին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ան մեկ­նա­բա­նեց ԵՄ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Լիւք­սեմ­պուր­կի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ժան Ա­սել­պոռ­նի վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, ըստ ո­րու ԵՄ Հա­յաս­տա­նի եւ Սպի­տակ Ռու­սիոյ հա­մար կը պատ­րաս­տէ հա­մա­ձայ­նագ­րե­րու նոր տար­բե­րակ մը, որ մա­կար­դակ մը ցած պի­տի ըլ­լայ հա­մարկ­ման հա­մա­ձայ­նագ­րին բաղ­դատ­մամբ։ Ռառ այս կա­պակ­ցու­թեամբ յայտ­նեց, թէ նոր փաս­տա­թուղթ մը պի­տի չմշա­կուի, պար­զա­պէս պի­տի փո­խուի հին տար­բե­րա­կը։

Սպի­տակ Ռու­սիան եւ Հա­յաս­տա­նը հե­տաքրքրուած չեն հա­մարկ­ման հա­մա­ձայ­նագ­րով, իսկ ԵՄ պատ­րանք կը ստեղ­ծէ, որ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան այս պե­տու­թիւն­նե­րուն հետ նա­խա­պէս տա­րուած աշ­խա­տան­քը ձա­խո­ղած չէ։

Մեկ­նա­բա­նե­լով Ռու­սաս­տա­նի հա­ւա­նա­կան դիր­քո­րո­շու­մը՝ Ա­լեք­սանտր Ռառ յայտ­նեց, թէ Ռու­սաս­տան դէմ է, որ Ուք­րայ­նա ԵՄ-ի հետ ստո­րագ­րէ հա­մարկ­ման հա­մա­ձայ­նա­գիր մը, բայց դէմ չէ Հա­յաս­տա­նի եւ Սպի­տակ Ռու­սիոյ կող­մէ այդ հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագր­ման։  «Ուս­տի, Ռու­սաս­տան դէմ չ՚ըլ­լար, որ Հա­յաս­տան աշ­խա­տան­քա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­նայ ԵՄ-ի հետ», ը­սաւ ան։

Ռառ հա­մո­զուած է, թէ ԵՄ-ի մօտ Գեր­մա­նիոյ նա­խա­գա­հու­թեան շրջա­նին գեր­մա­նա­ցի պա­տուի­րակ­նե­րը կրնան պայ­մա­նա­ւո­րուիլ Ռու­սաս­տա­նի եւ ԵՄ-ի մի­ջեւ ո­րոշ տնտե­սա­կան հար­ցե­րու շուրջ՝ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան եր­կիր­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ։

Ժան Ա­սել­պոռն քա­նի մը օր ա­ռաջ յայտ­նած էր, թէ Հա­յաս­տա­նի եւ Սպի­տակ Ռու­սիոյ պա­րա­գա­յին ԵՄ կը մշա­կէ հա­մա­ձայ­նագ­րե­րու նոր տար­բե­րակ մը, ո­րով ա­նոնք ա­ւե­լի քիչ պի­տի կա­պուին ԵՄ-ին, հա­մարկ­ման հա­մա­ձայ­նագ­րե­րուն բաղ­դատ­մամբ։

«Մենք կը փնտռենք դրու­թիւն մը, ո­րու պա­րա­գա­յին չեն փլիր կա­մուրջ­նե­րը։ Մենք կը հասկ­նանք, որ հա­մարկ­ման հա­մա­ձայ­նա­գի­րը անհ­նար է, բո­լորն ալ պատ­րաստ են գտնե­լու ա­ւե­լի թե­թեւ տար­բե­րակ մը։ Այդ եր­կու եր­կիր­նե­րու հար­ցին մէջ բո­լո­րը հա­մա­ձայն են։ Սա հա­մարկ­ման հա­մա­ձայ­նա­գիր մը չէ, այդ մէ­կը չ՚աշ­խա­տիր։ Ա­սոր մա­կար­դա­կը ա­ւե­լի ցած պի­տի ըլ­լայ, չեմ կրնար ը­սել՝ ինչ­պէս պի­տի կո­չուի», ը­սած էր Ա­սել­պոռն՝ ԵՄ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ան­պաշ­տօն հան­դի­պու­մէն վերջ, ո­րու ըն­թաց­քին քննար­կուած էին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Ռու­սաս­տա­նի եւ Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի մի­ջեւ։

Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին նա­խա­տե­սուած հա­մա­ձայ­նագ­րին մէջ մաք­սա­յին ար­տօ­նու­թիւն­ներ չեն նա­խա­տե­սուած։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2015