«ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ»

Հա­յաս­տա­նի յու­նահ­ռո­մէա­կան ո­ճի ըմբ­շա­մար­տի հա­ւա­քա­կա­նի ա­ւագ մար­զիչ Լե­ւոն Ջուլ­ֆա­լա­կեան Ե­րե­ւա­նի մէջ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քե­լով ամ­փո­փեց Ռիո­յի Ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րը։ Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ան խօ­սե­ցաւ նաեւ Ռիո­յի մէջ ար­ծա­թէ մե­տայլ շա­հած ըմ­բիշ Միհ­րան Յա­րու­թիւ­նեա­նի խնդրին շուրջ։ Ծա­նօթ է, որ Միհ­րան Յա­րու­թիւ­նեան ի­րա­ւա­րար­նե­րու ակն­յայտ ա­նար­դա­րու­թեան հե­տե­ւան­քով զրկուե­ցաւ ոս­կէ մե­տայ­լէ եւ իր­մէ գող­ցուե­ցաւ ա­խո­յեա­նի տիտ­ղո­սը։ Ծա­նօթ է, որ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէն կը պատ­րաս­տուի ի­րա­ւա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս գալ այս խնդրին շուրջ։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին Ջուլ­ֆա­լա­կեան ը­սաւ. «Պէտք է բո­լո­րին հաս­կաց­նել, որ ան­տար­բեր չենք մեզ­մէ գող­ցուած մե­տայլ­նե­րու հան­դէպ»։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2016