ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐԸ ՀԵՌՈՒ ԵՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔԷ

«Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջը կը տե­ղե­կաց­նէ.-

«Այն­ճա­րի հա­յու­թեան դէմ սպառ­նա­լիք­ներ չկան», կայ­քէ­ջին տուած իր հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին յայտ­նեց Այն­ճա­րի քա­ղա­քա­պետ Վարդ­գէս Խո­շեան: Խօ­սե­լով շրջա­նին մէջ տի­րող ընդ­հա­նուր ա­պա­հո­վու­թեան մթնո­լոր­տին մա­սին, ան­ցեալ Մա­յի­սին քա­ղա­քա­պե­տի պաշ­տօ­նին կո­չուած Խո­շեան ը­սաւ. «Նախ ը­սեմ, որ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի տար­բեր եր­կիր­նե­րու, ինչ­պէս՝ Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի մէջ, ընդ­հա­նուր ա­պա­հո­վա­կան ի­րա­վի­ճա­կը խո­ցե­լի է: Իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի Այն­ճա­րին, ա­պա պէտք է ը­սել, որ տե­ղւոյն հա­յու­թեան դէմ յա­տուկ սպառ­նա­լիք­ներ գո­յու­թիւն չու­նին, բայց եւ այն­պէս շրջա­նին մէջ տի­րող հա­կաք­րիս­տո­նէա­կան ընդ­հա­նուր մթնո­լոր­տը բնա­կա­նա­բար իր ազ­դե­ցու­թիւն կ­­՚ու­նե­նայ Այ­ճա­րի եւ ա­նոր խա­ղաղ բնակ­չու­թեան վրայ»: Խո­շեան դի­տել տուաւ նաեւ, որ պատ­կան մար­մին­նե­րը անհ­րա­ժեշտ բո­լոր քայ­լե­րը ա­ռած են՝ պահ­պա­նե­լու հա­մար գիւ­ղի անվ­տան­գու­թիւ­նը եւ այս ա­ռու­մով ը­սաւ. «Վեր­ջին շրջա­նին թե­լադ­րուած այս հանգ­րուա­նի պա­հանջ­նե­րէն յա­ջո­ղե­ցանք մեր կա­պե­րը եւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը զար­գաց­նել դրա­ցի բո­լոր գիւ­ղե­րուն հետ, ո­րով­հե­տեւ զգա­լի է նաեւ, որ նոյն­պէս մեզ շրջա­պա­տող գիւ­ղե­րուն մէջ ալ ծայ­րա­յե­ղա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու կող­մէ թի­րախ դառ­նա­լու մտա­հո­գու­թիւն­ներ կան եւ այդ մէ­կը պատ­ճառ դար­ձաւ առ­կայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ա­ւե­լիով զար­գաց­նե­լու»: Քա­ղա­քա­պե­տը շեշ­տեց, որ յա­ռա­ջի­կայ 18 Սեպ­տեմ­բե­րին Այն­ճա­րի մէջ պի­տի կա­տա­րուի Մու­սա լե­րան հե­րո­սա­մար­տի տօ­նախմ­բու­թիւ­նը, եւ այդ ա­ռու­մով ի­րենք ա­պա­հո­վա­կան յա­տուկ կար­գադ­րու­թիւն­ներ ը­րած են։ «Ինչ­պէս ծա­նօթ է, այս ո­գե­կոչ­ման առ­թիւ Լի­բա­նա­նի տար­բեր շրջան­նե­րէն մեծ թի­ւով հա­յոր­դի­ներ Այն­ճար պի­տի հաս­նին ու այդ ա­ռու­մով է նաեւ, որ մենք ա­պա­հո­վա­կան յա­տուկ կար­գադ­րու­թիւն­ներ տե­սած ենք ու նոյն­պէս կապ հաս­տա­տած՝ շրջա­նին մէջ ե­ղող լի­բա­նա­նեան բա­նա­կի բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ անվ­տան­գու­թեան մա­կար­դա­կի բարձ­րա­ցու­մը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար», ը­սաւ ան: Խո­շեան խօ­սե­լով գիւ­ղի տնտե­սա­կան ի­րա­վի­ճա­կին մա­սին ը­սաւ. «Գիւ­ղը այս տա­րի ու­նե­ցած է փայ­լուն բերք, բայց եւ այն­պէս Սու­րիոյ պա­տեր­զա­մին պատ­ճա­ռով մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­պարհ­նե­րուն փակ ըլ­լա­լը մե­ծա­պէս վնա­սեց, որ Այն­ճա­րի բեր­քը դէ­պի Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­ներ ար­տա­հան­ման աշ­խա­տանք­նե­րը տու­ժեն»:

Միւս կող­մէ, Լի­բա­նա­նի մէջ գտնուող եւ միակ հայ­կա­կան գիւղ հա­մա­րուող Այն­ճար ա­ւա­նը, ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, այս տա­րի եւ՝ յա­ռա­ջի­կայ 18 Սեպ­տեմ­բե­րին պի­տի նշէ Մու­սա լե­րան հե­րո­սա­մար­տի 101-րդ տա­րե­դար­ձը:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2016