Աստուածները, Աստղերը եւ Մեր Նախնիները

Ըստ մեր նախ­նի­նե­րու պատ­կե­րա­ցում­նե­րուն, սկիզ­բը Ծովն էր՝ Ծի­րա­նի Ծո­վը: Ծո­վը կը ծնի աս­տուած­նե­րու ա­ռա­ջին զոյ­գը: Ա­նոնք Ծո­վի մէջ ա­րա­րե­ցին սրբա­զան բլուր-լե­ռը եւ կո­չե­ցին Դուին: Ա­պա Դուի­նի ստո­րո­տը կա­ռու­ցե­ցին ի­րենց կա­ցա­րա­նը, որ կոչուե­ցաւ Գանձ: Ա­նոնց­մէ ծնունդ ա­ռին հզօր աս­տուած­նե­րը:

Աս­տուած­նե­րը ա­րա­րե­ցին ու Դուի­նի միջ­նա­մա­սը տե­ղադ­րե­ցին Եր­կի­րը, իբ­րեւ Տիե­զեր­քի երկ­րորդ ո­լորտ: Ա­պա ողջ շի­նու­թիւ­նը Ծո­վէն անջր­պե­տե­ցին ամ­րա­կուռ խո­րա­նով եւ կո­չե­ցին Եր­կինք, ո­րուն կա­մա­րը կը յե­նուր Դուի­նի գա­գա­թին վրայ:

Այ­նու­հե­տեւ աս­տուած­նե­րու հայրն ու ա­նոնց­մէ ա­մե­նաի­մաս­տու­նը՝ Հայ Աս­տուա­ծը, ա­րա­րեց մար­դը ու բնա­կե­ցուց Երկ­րի վրայ: Հայ Աս­տուա­ծը մար­դուն շնոր­հեց բա­նա­կա­նու­թիւն ու խօ­սե­լու կա­րո­ղու­թիւն, տուաւ լե­զու՝ հա­ղոր­դակ­ցե­լու եւ գիր ստեղ­ծե­լու հա­մար: Հայ Աս­տուա­ծը մար­դուն նաեւ շնոր­հեց հող մշա­կե­լու, ցա­նե­լու, ա­նա­սուն ըն­տե­լաց­նե­լու եւ պա­հե­լու, ար­հեստ­ներ բա­նեց­նե­լու գի­տե­լիք­ներ, տուաւ վար­քի ու աստուած­նե­րուն սպա­սա­ւո­րե­լու օ­րէնք­նե­րը:

Դա­տե­լու եւ խօ­սե­լու շնոր­հը ստա­ցած մար­դը իր տե­սա­կը կո­չեց Հա­յազն, իր Ա­րա­րիչ Աս­տու­ծոյ ա­նու­նով: Երկ­րի վրայ հա­յը դար­ձաւ աս­տուած­նե­րուն սպա­սա­ւո­րող քուրմ: Ե­թէ եր­բե­ւի­ցէ հա­յը կամ ա­նոր սե­րունդ­նե­րը դադ­րեց­նեն սպա­սա­ւո­րել աս­տ-ւած­նե­րուն, ուս­տի պի­տի խախ­տուի տիե­զե­րա­կարգն ու ա­րար­չու­թեան ար­դիւն­քը՝ Աշ­խար­հը, պի­տի փլի:

Հզօր, ան­մահ ու ա­մե­նա­կա­րող աս­տուած­նե­րը, իբ­րեւ երկ­նա­յին լու­սա­տու­ներ, պար­բե­րա­բար՝ ա­մէն օր, Եր­կիր կը բարձ­րա­նան ու կը հսկեն աշ­խար­հա­կար­գը եւ կը տնօ­րի­նեն մար­դոց գոր­ծե­րը: Դուրս գա­լով ի­րենց սրբա­զան կա­ցա­րա­նէն ու մարմ­նա­ւո­րուե­լով իբ­րեւ երկ­նա­յին լու­սա­տու­ներ (Ա­րեւ, Լու­սին, մո­լո­րակ­ներ, աստ­ղեր), աս­տուած­նե­րը կը ծա­գին ա­րե­ւել­քէն, կը շար­ժին երկ­նա­կա­մա­րով ու մայր կը մտնեն ա­րեւ­մուտ­քէն: Ա­մէն Աս­տուած (լու­սա­տու) ու­նի իր ծա­գե­լու եւ մայր մտնե­լու պա­հը:

Հայ քուր­մե­րը հե­տե­ւե­լով երկ­նա­յին լու­սա­տու­նե­րու շար­ժում­նե­րուն, հա­մա­պա­տաս­խան ծէ­սե­րով կը դի­մա­ւո­րէին ի­րենց աս­տուած­նե­րը (լու­սա­տու­նե­րու ծա­գու­մը) եւ ա­պա կը ճա­նա­պար­հէին (լու­սա­տու­նե­րու մայ­րա­մու­տը): Հայ քուր­մե­րու գոր­ծու­նէու­թեան այս կա­րե­ւո­րա­գոյն կէտն ալ անհ­րա­ժեշ­տա­բար խնդիր դրաւ ստեղ­ծե­լու լու­սա­տու­նե­րու ծա­գումն ու մայ­րա­մու­տը դի­տե­լու սար­քեր:

Լու­սա­տու­նե­րու ծա­գումն ու մայ­րա­մու­տը դի­տե­լու հա­մա­լիր ե­ղած է Զօ­րաց քա­րեր (Քա­րա­հունջ) հնա­վայ­րը: Զօ­րաց քա­րե­րուն ու նմա­նա­տիպ կա­ռոյց­նե­րու մէջ հա­զա­րա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին կա­տա­րած դի­տում­նե­րու ամ­փոփ­ման իբ­րեւ ար­դիւնք ալ ստեղծո­ւե­ցան տո­մա­րա­կան գի­տե­լիք­նե­րը, աստ­ղա­գու­շա­կու­թիւ­նը, ժա­մա­նա­կա­կից աստ­ղա­գի­տու­թիւ­նը:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2016