ԼԱՒՐՈՎ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Փիէռ Անտիրու (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ երէկ խորհրդակցութիւն մը ունեցան Ռուսաստանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու խորհրդակցութիւնները կ՚ընթանան ծրագրուած ժամանակացոյցով։
Երէկ, Մոսկուայի մէջ միջնորդները ընդունուեցան Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։ Ռուս նախարարն ու միջնորդները անդրադարձան Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովներու ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորութիւններու իրագործման ընթացքին։ Օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծին վրայ առկայ իրավիճակը։
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի հարցերով պետական քարտուղար Առլէմ Տեզիր նախընթաց օր Փարիզի մէջ ընդունեց Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովը։ Քննարկուեցան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի հովանաւորութեան ներքեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի երկարատեւ ու խաղաղ կարգաւորման ուղիները։ Տեզիր եւ Մամէտեարով շօշափեցին նաեւ Ատրպէյճան-Ֆրանսա եւ Ատրպէյճան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները։