ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԾԱՆՐ ԿԱՑՈՒԹԵԱՄԲ ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ հերթական անգամ յայտարարեց, որ ծանր կացութեամբ հիւանդներու թիւը կը բարձրանայ երկրէն ներս։ Երէկ երեկոյեան, Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 110 հազար 565 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1761 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 52 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 1093։ Ներկայ դրութեամբ, 1159 հիւանդի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

Ըստ Ֆահրետտին Քոճայի, կորուստները ցաւ կը պատճառեն եւ ծանր հիւանդներու թիւը կ՚աւելնայ։ «Այս կացութիւնը կարելի է կասեցնել՝ միասնաբար հնազանդելով սահմանափակումներուն։ Մեր ուժը միասնաբար նախազգուշական միջոցներ ձեռք առնելու մէջ է», յայտնեց Քոճա։

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտնեց, որ հակառակ նոր վարակումներու թիւի բարձրացման՝ Թուրքիոյ մէջ համաճարակը հակակշռի տակ է։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2020