ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Կիւմրիի գեղանկարիչները իրենց գործերը կը ցուցադրեն քաղաքային ցուցասրահին մէջ։ Այսպէս, Կիւմրիի նկարիչները արդէն ունին ցուցասրահ, ուր կրնան ցուցադրել իրենց գործերը՝ առանց տարածքի համար վճարելու: Կիւմրիի քաղաքապետարանի նկուղային յարկին մէջ բացուած է քաղաքային ցուցասրահը, որ կիւմրեցի արուեստագէտներու համար կը դառնայ մշակութային նոր օճախ ու իրենց գործերու ցուցադրման լաւագոյն վայրերէն մէկը: Տարածքը բարեկարգուած է դրամանպաստի ծրագրով:

«Երկար տարիներ մենք՝ նկարիչներուս համար ամենակարեւոր խնդիրը եղած է, որ չունէինք ցուցասրահ. քաղաքին մէջ կան մասնաւոր ցուցասրահներ, բայց անոնք ուրիշ են: Ամէն անգամ քաղաքապետի հետ հանդիպելու ժամանակ այս հարցը բարձրաձայնած եմ ու հիմա շատ ուրախ եմ: Ճիշդ է, ինք չունի դասական դահլիճի բոլոր չափորոշիչները, բայց մեր քաղաքի պայմաններուն մէջ, ունենալ այսպիսի ցուցասրահ, մեծ ճոխութիւն է», զրոյցի ժամանակ նշեց Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, գեղանկարչուհի Սուսաննա Մկրտչեան՝ կարեւորելով ցուցասրահը յատկապէս երիտասարդ նկարիչներու համար:

«Կիւմրիի օր» տօնակատարութեան շրջանակէն ներս իր դռները բացած ցուցասրահին մէջ առաջին ցուցադրութիւնը կիւմրեցի նկարիչներունն էր. ցուցադրուած է 22 նկարիչի 45 աշխատանք: Ցուցասրահը ունի նաեւ շքեղ համերգասրահ մը, ուր կ՚ենթադրուի համերգային ծրագրեր՝ ցուցադրութիւններուն զուգահեռ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2020