ՎԱՂԸ՝ ՆԱԹՕ-Ի ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Թուրքիոյ եւ Յունաստանի զինուորական պատուիրակութիւններու միջեւ նախատեսուած բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան վաղը՝ 10 սեպտեմբերին։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները երէկ այս կապակցութեամբ հանդէս եկան յայտարարութիւններով։ Այսպէս, ՆԱԹՕ-ի հրամանատարական կեդրոնէն ներս երէկ նախատեսուած Թուրքիա-Յունաստան զինուորական պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները յետաձգուեցան վաղուան։ Օրակարգի վրայ պիտի գտնուին տարանջատման եզրերու վերաբերեալ հարցեր։ Բանակցութիւններու նպատակն է ձեռք առնել նախազգուշական միջոցներ՝ կանխելու համար հաւանական բախումները։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, բանակցութիւնները յետաձգուած են Աթէնքի միջամտութեամբ։ Այսօր Պրիւքսելի մէջ տեղի կ՚ունենայ Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի ժողովը՝ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու մշտական ներկայացուցիչներու մակարդակով։ Յունաստան կը ծրագրէ իր տեսակէտները օրակարգի վրայ բերել եւ եւրոպական երկիրներու նեցուկը ապահովել։ Աթէնք կը հաշուարկէ այդպիսի առաւելութիւնով մը վաղուան բանակցութիւններուն մտնել։

Այս բանակցութիւնները կարեւոր նշանակութիւն ունին արեւելեան Միջերկրականէ ներս ստեղծուած լարուածութեան մթնոլորտին մէջ։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ այցելեց Նիկոսիա, ուր ընդունուեցաւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անասթասիատիսի կողմէ։ Ան կրկնեց, որ Մոսկուա կրնայ միջնորդի դեր խաղալ Թուրքիոյ եւ Յունական Կիպրոսի միջեւ՝ կողմերու ցանկութեան պարագային։ Ըստ Լաւրովի, արեւելեան Միջերկրականէ ներս, տարածքաշրջանէ դուրս դերակատարներու գործունէութիւնը խաղաղ լուծումներ ապահովելէ անդին՝ տեղի կու տայ տագնապի խորացման։ Լաւրով այս ամբողջին մէջ օրինակ ցոյց տուաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2020