ՎԻՐԱԲԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԶՐԿՈՒԱԾ

Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան երէկ ազատուեցաւ իր աշխատանքէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այդ կարգադրութիւնը կատարուեցաւ Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանի կողմէ։ Սոյն տնօրինութեան համար հիմք հանդիսացած են Ամատունի Վիրաբեանի հասցէին ներկայացուած որոշ բողոքներ։ Պնդումներ կան նաեւ, որ ան կարգ մը հաշուապահական խախտումներու պատճառ դարձած է։

Ամատունի Վիրաբեան Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէնի պաշտօնը կը կատարէր 2003 թուականէն ի վեր։ Իշխանափոխութենէն անմիջապէս վերջ եւս օրակարգի վրայ եկած էին իրեն վերաբերեալ շարք մը պնդումներ, հաւանական դարձած էր անոր պաշտօնազրկումը, սակայն ան շարունակած էր իր գործունէութիւնը։ Այժմ արդէն ան կը հեռանայ Հայաստանի Ազգային արխիւի գլուխէն։

Վիրաբեան այս առթիւ յայտնեց, որ իր պայմանագրի ժամկէտի լրանալուն միայն երկու տարի մնացած էր, սակայն իշխանութիւնները փափաքած են ի գին ամէն բանի զինքը հեռացնել պաշտօնէն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2020