ՏԱՐԱՆՑՄԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Դէպի Թիֆլիզ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Վրաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Զինուորական արարողութիւնով դիմաւորուեցաւ Փաշինեան, որ ընդունուեցաւ նաեւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի կողմէ։ Հիմնական բանակցութիւնները ան վարեց Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հետ։ Այսպէս, նախ առանձնազրոյց մը ունեցան երկու վարչապետները, որոնք աւելի վերջ գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները։ Հուսկ, համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքելով անոնք երէկուան քննարկումներու արդիւնքը ամփոփեցին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար։ Փաշինեան յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուաւ Թիֆլիզի «Հերոսներու» հրապարակը։ Պաշտօնական այցելութեան ծրագիրը այսօր կը շարունակուի Պաթումի մէջ, ուր շփումներ կ՚ունենայ Փաշինեան։ Մինչ այդ, վարչապետի ընկերակից պատուիրակութեան անդամներէն Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ երէկ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի կողմէ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Թիֆլիզի երէկուան հանդիպումներուն ժամանակ խոշորացոյցի տակ առնուեցան հայ-վրացական համագործակցութեան հեռանկարներ։ Վարչապետներու բանակցութիւններու առանցքին էր տարածքաշրջանէ ներս խաղաղ զարգացման դարաշրջան մը բանալու օրակարգը։ Երեւան եւ Թիֆլիզ առաջնահերթօրէն քննարկեցին իրենց տարանցման հնարաւորութիւնները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին՝ արտաքին առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը մեծցնելու ուղղութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր տեղ զբաղեցուցին «Պարսից ծոց-Սեւ ծով» միջանցք մը ստեղծելու մասին համաձայնագրին վերաբերեալ հարցերը։ Վարչապետներու առընթեր, արտաքին գործոց նախարարներն ալ առանձին հանդիպման ժամանակ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուցին այս նիւթը։ Ներկայիս Հայաստան եւ Վրաստան միմիայն երկկողմանի հարթութեան վրայ չեն ընկալեր իրենց տարանցման հնարաւորութիւնները, այլ որոնումներու մէջ են բազմակողմանի ձեւաչափերու համար։ Քաղաքական օրակարգէ դուրս, երկու հարեւան երկիրներու ղեկավարութիւնները քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի շուրջ զօրակցութեան հարցեր ալ շօշափեցին։

Իրակլի Ղարիպաշվիլի ընդգծեց, որ Վրաստանի համար մեծ կարեւորութիւն ունի քաղաքական ու տնտեսական ոլորտներէ ներս Հայաստանի կայունութիւնը։ Ան համոզուած է, թէ Արցախի պատերազմի մարտահրաւէրը կրնայ նոր հնարաւորութեան մը վերածուիլ Հայաստանի համար։ Իր կարգին, Փաշինեանն ալ ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի կառավարութիւններուն միջեւ հաստատուած է արդիւնաւէտ համագործակցութիւն մը։

Արարատ Միրզոյեան երէկուան հանդիպման ընթացքին Տաւիտ Զալքալիանիի նկատառման յանձնեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած իրավիճակը։ Բաց աստի, ան դիտել տուաւ, որ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը համագործակցութեան ընդլայնման նոր հնարաւորութիւններ պիտի ընձեռէ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2021