ՄԵԾ ՊԱՅՔԱՐ, ՄԷԿԱԿԱՆ ՆԻՇ
Թուրքիա-Հայաստան ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու խաղը բուռն մրցապայքարի մը թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Երէկ երեկոյեան, Էսկիշեհիրի մարզադաշտին մէջ համախմբուած մարզասէրները թէեւ յաղթանակի ուրախութիւն չկրցան ապրիլ, սակայն ֆութպոլի իմաստով յագեցած երեկոյթ մը ապրեցան։ Երկու ընտրանիներն ալ լաւ խաղարկութիւնով հանդէս եկան։ Արդիւնքին, թէեւ պայքարը եղաւ մեծ, սակայն անոնք ունեցան մէկական նիշ։ Այս երեւոյթը ունէր իր տրամաբանութիւնը՝ քանի երկու խումբերն ալ չափազանց կարիքը կը զգային յաղթանակ տանելու՝ իրենց նպատակներու ճանապարհին։ Մետայլի միւս երեսակին, արդիւնքը եղաւ արդար, որովհետեւ մարզիկները պայքարեցան այդ յաղթանակի մեծ կարիքին համահունչ ոգիով եւ լրջութեամբ։ Յամենայնդէպս, մարզական նախընթացներով, տանտէր խումբին տեսակէտէ հաւասարութիւնը աւելի նուազ նախընտրելի է՝ հիւրընկալուողին բաղդատմամբ։ Ցարդ կայացած Թուրքիա-Հայաստան երեք խաղերէն յաղթական դուրս եկած էր Թուրքիան եւ երէկուան արդիւնքով նաեւ այդ ընթացքը որոշ չափով կանգ առաւ՝ որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան յաջողեցաւ չպարտուիլ եւ Թուրքիայէն վերադառնալ հաւասարութեամբ՝ 1 նիշով։
2024 թուականի Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութեան որակաւորման փուլի D խմբաւորման մէջ երէկուան արդիւնքով Թուրքիա շարունակեց մնալ առաջին հորիզոնականին վրայ՝ 5 խաղերէ վերջ 10 նիշ ապահոված ըլլալով։ Կը յաջորդէ Խրուաթիան, որ 3 խաղերու արդիւնքով 7 նիշ ապահոված է։ Երէկուան մրցումներէն վերջ 3-րդ հորիզոնականին վրայ իջած Հայաստանն ալ թէեւ ունի 7 նիշ, սակայն 4 խաղերու արդիւնքով։ Այս երկուշաբթի, «Եւրօ-2024»ի ճանապարհին վրայ Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-Խրուաթիա խաղը։ Հոկտեմբերի 12-ին ալ նախատեսուած են Խրուաթիա-Թուրքիա եւ Լեթոնիա-Հայաստան հանդիպումները։ Այս մրցումները ճակատագրական նշանակութիւն պիտի ունենան D խմբաւորման համայնապատկերի յստակեցման տեսակէտէ։
Էսկիշեհիրի երէկուան Թուրքիա-Հայաստան խաղը յագեցուցիչ էր ֆութպոլի տեսակէտէ։ Խաղէն առաջ ամէն ինչ ակնկալուածին նման էր։ Աւելի քան 30 հազար մարզասէրներ ահաւոր սուլոցներով անլսելի դարձուցին Հայաստանի Ազգային քայլերգի նուագին լսուիլը՝ մինչ հաղորդավարը կը շեշտէր, որ սա անցեալ մարտին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցածին կրկնութիւնն էր։ Ընդհանուր մթնոլորտը այս փակ շրջանէն անմիջապէս դուրս եկաւ խաղի սկսելով։ Իրաւարար Տանիէլէ Օրսաթօ (Իտալիա) մրցման ողջ տեւողութեան նախաձեռնութիւնը եւ վերահսկողութիւնը պահեց իր ձեռքը։ Բուռն մրցապայքարի լարուածութիւնով հանդերձ, ան ապահովեց, որ ամէն ինչ հանդուրժելի սահմաններու եւ խաղի կանոններու շրջանակին մէջ ընթանան։
Թուրքիոյ աւագ մարզիչ Սթեֆան Քունցի կողմէ նախատեսուած մարտավարութիւնը մրցման առաջին իսկ պահէն սկսեալ յարձակման դիրքերէ հանդէս գալը ենթադրած էր։ Թրքական հաւաքականի գնդակին տիրելու համեմատութիւնը շատ աւելի բարձր էր։ Հայաստանի աւագ մարզիչը՝ Օլեքսանտր Փեթրաքով հաշուարկած էր առաջին հերթին զսպել՝ տանտէր խումբի յարձակումները, որոնք կանուխ արդիւնքի հասնելու եւ շուտով հաշիւը բանալու հետամուտ էին։ Առաջին խաղակէսին հաշիւը այդպէս ալ չբացուեցաւ։ Թրքական ընտրանին ունեցաւ ձեռնտու պահեր, բայց արդիւնքի չհասաւ։ Աստիճանաբար յայտնի դարձաւ, որ հայկական ընտրանին ալ ունէր իր գրոհի մարտավարութիւնը՝ որքան որ ալ անմիջապէս աչքի չէր զարներ։ Եթէ հայկական ընտրանիին առաջին նախաձեռնութիւնը պահ մը անակնկալի տպաւորութիւնը ստեղծեց, ապա աստիճանաբար զգալի դարձաւ, որ ամէն ինչ այդքան ալ սահմանափակուած չէր։ Առաջին կիսախաղին Հայաստանի հաւաքականի պաշտպանութիւնը գործեց շատ ազդու՝ մանաւանդ Վարազդատ Հարոյեան թէ՛ շատ լաւ դիմադրութիւն ցոյց տուաւ եւ թէ շատ լաւ կազմակերպեց իր խաղընկերները։
Երկրորդ խաղակէսը սկսաւ իսկական անակնկալով մը։ 49-րդ վայրկեանին հայկական հաւաքականէն Դաշեան արձանագրեց կոլ մը՝ կազմակերպուած գրոհի մը արդիւնքով։ Արդէն հաշիւը բացուած էր՝ Թուրքիա 0-Հայաստան 1։
Իրականութեան մէջ, ֆութպոլի պատմութեան մէջ շատ են ու նոյնիսկ բազում նախընթացներով նուիրականացած կը համարուին այնպիսի վիճակները, երբ տանտէր խումբը արդիւնքի չի հասնիր հակառակ իր խտացեալ ջանքերուն ու վերջին րոպէներուն հիւրընկալուող խումբը անակնկալ կոլ մը արձանագրելով կը հասնի իր նպատակին։ Բայց, երէկ եղաւ ճիշդ հակառակը։ Հիւր խումբը երկրորդ խաղակէսի անմիջապէս սկիզբին արձանագրեց կոլ մը եւ հիւրընկալ խումբը 88-րդ վայրկեանին կարողացաւ հաւասարեցնել հաշիւը։ Թուրքիոյ կոլը արձանագրեց Պերթուղ Եըլտըրըմ, որ դուրս եկած էր փոխարինման։ Արդէն տեսանելի դարձած էր արդիւնքը՝ Թուրքիա 1-Հայաստան 1։
Մինչեւ առաջին կոլը հայկական հաւաքականը իսկապէս շատ գիտակից եւ կարգապահ խաղարկութիւն ցոյց տուաւ։ Եթէ այդ ձեւը նոյնութեամբ շարունակուէր, ապա կացութիւնը Հայաստանի տեսակէտէ աւելի տարբեր կրնար ըլլալ։ Բայց եւ այնպէս, առաւելութիւնը պահելու ուղղեալ մարտավարութիւնը այնքան լաւ չգործեց։ Թէեւ Թուրքիոյ կոլը բաւական ուշացաւ ու նոյնիսկ տեսականօրէն կրնար չըլլալ, բայց եւ այնպէս, հայկական հաւաքականը կոլը արձանագրելէ վերջ նոյն վստահութեան տպաւորութիւնը չառթեց իր համակիրներուն, թէ պիտի կարողանար ընթացքը վերահսկել։ Վայրկեան առ վայրկեան կը խտանար թրքական հաւաքականին ճնշումը, ինչ որ կ՚ազդարարէր ամէն պահ հաշիւի հաւասարեցման հաւանականութիւնը։ Հայկական հաւաքականը երկրորդ խաղակէսի ճակատագրական բաժիններուն չյաջողեցաւ մթնոլորտը հանգստացնել, գնդակը իր հակակշռին տակ պահելով ժամանակը արժեւորել եւ այդպէսով գործել աւելի նպատակասլաց։ Այդ պահերուն հայկական ընտրանին թրքական հաւաքականին համազօր մաշեցաւ ու յոգնեցաւ, հակառակ անոր, որ մէկը առաւելութեան հասած էր, իսկ միւսը բախտորոշ նշանակութեամբ հեւք մը ունէր։ Հայկական հաւաքականի դարպասապահ Չանչարեւիչն ալ երկրորդ խաղակէսին ատեն-ատեն իր զգացականութեամբ խախտեց պաշտպանական հաւասարակշռութիւնը։
Այս բոլորէն վերջ, կարելի է արձանագրել, որ երէկուան խաղին արդար արդիւնքը իսկապէս հաւասարութիւնն էր։ Առանց հաշուելու առաջին խաղակէսը, կարելի է նշել, որ Թուրքիան կրնար յաղթել, եթէ երկրորդ խաղակէսի անմիջապէս սկիզբին իր դարպասին մէջ գնդակ չտեսնէր։ Յետադարձ հայեացքով կարելի է ըսել, որ Հայաստանը կրնար յաղթել, եթէ քիչ մը աւելի ուշ արձանագրէր իր կոլը, անշուշտ, որ մինչ այդ պէտք է շարունակէր իր կարգապահ եւ պաղարիւն խաղարկութիւնը։
Թէեւ ֆութպոլը խմբային խաղ մըն է, սակայն, բոլոր խումբերուն մէջ կ՚ըլլան տարրեր, որոնք սա կամ նա փուլի մէջ կրնան իրենց խաղակից ընկերներուն նկատմամբ աւելի ուշադրութիւն գրաւել։ Երէկ, այս առումով երկու խմբապետները չսպրդեցան մարզասէրներու ուշադրութենէն։ Թուրքիոյ հաւաքականին մէջ Հաքան Չալհանօղլու հետեւողականութեամբ եւ նպատակասլաց խաղով միշտ մղիչ ուժ մը եղաւ եւ ապահովեց, որ իր խումբը մինչեւ վերջին պահը հետապնդէ շօշափելի նպատակներ։ Հայաստանի հաւաքականին մէջ ալ Վարազդատ Հարոյեան ուշադրութիւն գրաւեց՝ քանի մրցման ողջ տեւողութեան հանդէս եկաւ այն գիտակցութիւնով, թէ իր խումբի պաշտպանութեան հիմնասիւնն էր եւ հիւրընկալուող խումբը երբեք իրաւունք պիտի չունենար պաշտպանութեան մէջ դոյզն իսկ սայթաքելու։ Հայկական հաւաքականին մէջ ուշադրութեան առարկայ դարձած միւս անուններն ալ ընդհանրապէս պաշտպանական դիրքերէն էին՝ մանաւանդ Մկրտչեանն ու Դաշեանը, որ նաեւ արձանագրեց կոլը։
Սթեֆան Քունց մրցումէն վերջ պատասխանեց քննադատութիւններուն։ Ան յիշեցուց, որ թրքական հաւաքականը խաղի ընթացքին շուրջ 10 կոլի յստակ հնարաւորութիւն ապահոված է։ «Մարդիկ ի՞նչ բանը կը քննադատեն», ըսաւ ան ու նշեց, որ նիշ մը ապահովելը կարեւոր էր։
Իր կարգին, Օլեքսանտր Փեթրաքովն ալ նշեց, որ արդիւնքը կ՚ընկալէ դրական։