«ՀԱՅՃԱՐ»ԻՆ՝ ՇՔԱՆՇԱՆ

«Հայ­ճար»ի վար­չու­թեան նա­խա­գահ Ժան Կավ­րի­լոֆ եւ նախ­կին ա­տե­նա­պետ, վար­չու­թեան ան­դամ ու հիմ­նա­դիր­նե­րէն Նա­զա­րէթ Պի­նաթ­լը Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ պար­գե­ւատ­րուե­ցան «Ար­շիլ Կոր­քի» շքան­շա­նով՝ Ճար­տա­րա­պետ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին օ­րուան առ­թիւ։

Այս առ­թիւ «Ար­մէնփրէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը Նա­զա­րէթ Պի­նաթ­լըի հետ ի­րա­կա­նա­ցուած է հար­ցազ­րոյց մըն ալ, ո­րու ըն­թաց­քին ան նշած է, թէ կա­րե­լի չէ չը­սել, թէ թրքա­հայ հա­մայն­քը խնդիր­ներ չու­նի Թուր­քիոյ մէջ, սա­կայն «Հայ­ճար» ա­զա­տօ­րէն կը կա­տա­րէ իր աշ­խա­տան­քը։ «Որ­պէս ճար­տա­րա­պետ՝ պա­տուի­րա­տուի հետ ա­ռա­ջին ան­գամ իսկ հան­դի­պե­լու ժա­մա­նակ կը նշեմ, որ հայ եմ։ Ու ճիշդ այդ հան­գա­ման­քէն ել­լե­լով կը վստա­հին ին­ծի, ո­րով­հե­տեւ հա­յե­րը յայտ­նի են որ­պէս ու­ղիղ մար­դիկ, չեն խա­բեր եւ կը կա­տա­րեն ի­րենց աշ­խա­տան­քը», ը­սած է Նա­զա­րէթ Պի­նաթ­լը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2015