ԵՒՐՈԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՔՈՒԻ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐԸ ԽԶՈՒԱԾ
Եւրոպայի խորհուրդը յայտարարեց, թէ վերջ կու տայ մարդկային իրաւանց գծով Ատրպէյճանի հետ իր գործակցութեան։ Պատճառն է այդ երկրին մէջ մարդկային հիմնական իրաւունքներու իրավիճակին կտրուկ վատթարացումը։ Եւրոպայի խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպէօռն Եակլանտ այս առթիւ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ յայտնելով, թէ իր գլխաւորած կազմակերպութեան Նախարարներու խորհուրդին տեղեկացուցած է քաշուելու որոշումը աշխատանքի այն խումբէն, որու առաքելութիւնն էր մարդկային իրաւանց բնագաւառէն ներս Պաքուի հետ երկխօսութեան բարելաւումը։
Աշխատանքային այս խումբը կը բաղկանար մարդկային իրաւանց պաշտպան տասնութ գործիչներէ, խորհրդարանականներէ ու նախարարներէ, ինչպէս նաեւ Եւրոխորհուրդի ներկայացուցիչներէ։ Այս խումբը կը կատարէր բաւական թոյլ աշխատանք։
Մինչ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ հիմնական իրաւունքներու բռնաբարման լուրերը կը յաջորդեն իրարու, Նախագահ Ալիեւ կը հերքէ բոլոր ամբաստանութիւնները։ Այդ երկրի կառավարութիւնը կը պնդէ, թէ բոլոր քննադատութիւնները պարզապէս իրենց երկիրը անուանարկելու նպատակ կը հետապնդեն։