ԼԱՐՈՒԱԾ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻ ԱՌԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

Նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան վրդո­վուած ռու­սա­կան օ­դու­ժի Թուր­քիոյ տա­րածք ներ­խու­ժում­նե­րէն, սպառ­նաց կազ չգնել Ռու­սաս­տա­նէն եւ Աք­քու­յուի ա­թո­մա­կա­յա­նի կա­ռու­ցու­մը յանձ­նել այլ երկ­րի։ «Մենք չենք կրնար հան­դուր­ժել ներ­կա­յի ի­րա­վի­ճա­կին։ Օ­դա­յին սահ­մա­նի խախտ­ման վե­րա­բե­րեալ Ռու­սաս­տա­նի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը հա­մո­զիչ չեն», նշեց նա­խա­գա­հը՝ դէ­պի Ճա­բոն պաշ­տօ­նա­կան այ­ցով մեկ­նե­լու ճա­նա­պար­հին լրագ­րող­նե­րու հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցի ըն­թաց­քին։ «Ա­սոնք հար­ցեր ենք, ո­րոնց շուրջ Ռու­սաս­տան պէտք է մտա­ծէ։ Ե­թէ ռու­սե­րը չկա­ռու­ցեն Աք­քու­յուն, մէկ ու­րի­շը կու գայ եւ կը կա­ռու­ցէ զայն», յայ­տա­րա­րեց նա­խա­գա­հը եւ շա­րու­նա­կեց. «Մենք Ռու­սաս­տա­նի կա­զի թիւ մէկ սպա­ռողն ենք։ Թուր­քիան կորսնց­նե­լը լուրջ կո­րուստ մը կ՚ըլ­լայ Ռու­սաս­տա­նի հա­մար։ Անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին Թուր­քիա իր բնա­կան կա­զը կրնայ հայ­թայ­թել շատ մը այլ տե­ղե­րէ»։

Էր­տո­ղան նաեւ ը­սաւ, որ զայ­րա­ցած է Սու­րիոյ մէջ ռու­սա­կան մի­ջամ­տու­թեան փաս­տէն, բայց սա պա­հուն չի ծրագ­րեր խօ­սիլ Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ։

Հարկ է նշել, որ Ռու­սաս­տան Թուր­քիոյ կա­զի ա­մե­նա­մեծ մա­տա­կա­րարն է։ Թուր­քիա 2013 թուա­կա­նին Ռու­սաս­տա­նին վստա­հե­ցաւ նաեւ իր ա­ռա­ջին ա­թո­մա­կա­յա­նի կա­ռուց­ման 20 մի­լիառ տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ նա­խա­գի­ծը, թէեւ շի­նա­րա­րու­թեան սկիզ­բի ժամ­կէ­տը դեռ հաս­տա­տուած չէ։

«Րէօյ­թըրզ» կը հա­ղոր­դէ, որ Էր­տո­ղա­նի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ի­րա­տե­սա­կան չեն եւ Թուր­քիա կա­զի գծով կա­խեալ պի­տի մնայ Ռու­սաս­տա­նէն՝ կար­ճա­ժամ­կէտ եւ միջ­նա­ժամ­կէտ ա­ռու­մով։

Էր­տո­ղա­նի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն ար­ձա­գան­գե­լով Վլա­տի­միր Փու­թի­նի մամ­լոյ քար­տու­ղար Տի­միթ­րի Փես­քով ը­սաւ, թէ Փու­թին ան­կաս­կած տե­ղե­կու­թիւն ու­նի այդ մա­սին։ Ան հա­ւաս­տիա­ցուց, որ Ռու­սաս­տան ա­ւան­դա­բար բարձր կը գնա­հա­տէ Թուր­քիոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը՝ յոյս յայտ­նե­լով, որ ա­նոնք հե­տա­գա­յին ալ վե­րելք պի­տի ապ­րին։

Իսկ Սու­րիոյ մէջ Ռու­սաս­տա­նի ի­րա­կա­նա­ցու­ցած ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ Փես­քով ը­սաւ, որ ա­տոնք կ՚օգ­նեն ա­պա­հո­վել անվ­տան­գու­թիւ­նը Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րուն վրայ, ինչ որ չեն յա­ջո­ղած ը­նել Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու գլխա­ւո­րած դա­շին­քի ռմբա­կո­ծում­նե­րը։ «Այդ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը նպա­տակ ու­նին նպաս­տե­լու Սու­րիոյ տա­րած­քա­յին եւ քա­ղա­քա­կան ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան պահ­պան­ման, այդ­պէ­սով իսկ ներդ­րում կա­տա­րե­լով տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս կա­յու­նու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման, ո­րուն սահ­մա­նա­կից է Թուր­քիա», յայ­տա­րա­րեց Քրեմ­լի­նի խօս­նա­կը։

 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2015