ՀԱՆՐԱՔՈՒԷԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ըն­դու­նեց Վե­նե­տի­կի յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ճիա­նի Պու­քի­քիոն։ Նա­խա­գա­հի մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թեան փո­խանց­մամբ, նա­խա­գա­հը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Վե­նե­տի­կի յանձ­նա­ժո­ղո­վի այն ան­դամ­նե­րուն, ո­րոնք մաս­նա­գի­տա­կան բարձ­րո­րակ օ­ժան­դա­կու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­ցին սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու մաս­նա­գի­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին։

Ճիա­նի Պու­քի­քիօ ալ յոյս յայտ­նեց, որ հան­րա­քուէի գոր­ծըն­թա­ցը պի­տի ըլ­լայ ա­զատ, ար­դար ու թա­փան­ցիկ եւ ար­դիւն­քին ըն­դու­նուած փաս­տա­թուղ­թը մեծ քայլ մը պի­տի ըլ­լայ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հե­տա­գայ զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։

«Վե­նե­տի­կի մաս­նա­գի­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին կող­մէ սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րը ար­ժա­նա­ցած են դրա­կան գնա­հա­տա­կա­նի։ Շատ լաւ կը յի­շեմ, 2004-ին շատ մը քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­ներ, յատ­կա­պէս ընդ­դի­մու­թե­նէն, կա­ռա­վար­ման խորհրդա­րա­նա­կան հա­մա­կարգ կը փա­փա­քէին ու­նե­նալ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Բայց այդ ժա­մա­նակ հնա­րա­ւոր չէր։ Այժմ կայ նման հնա­րա­ւո­րու­թիւն մը։ Սա մի­տում մըն է, որ կայ եւ­րո­պա­կան բո­լոր եր­կիր­նե­րուն մէջ՝ ան­ցում խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գին», ը­սաւ Վե­նե­տի­կի յանձ­նա­ժո­ղո­վին ղե­կա­վա­րը։ «Այս տե­սան­կիւ­նէն սա քայլ մը ա­ռաջ է», շա­րու­նա­կեց ան ու ը­սաւ. «Նա­խագ­ծի շարք մը այլ գլուխ­նե­րուն մէջ եւս կայ բա­րե­լա­ւում, մաս­նա­ւո­րա­պէս, մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց վե­րա­բե­րեալ բաժ­նին մէջ։ Այն ամ­բող­ջու­թեամբ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ Մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց եւ­րո­պա­կան հռչա­կագ­րի չա­փա­նիշ­նե­րուն»։

Հարկ է նշել, թէ խորհր­դա­րա­նը վեր­ջերս վա­ւե­րա­ցու­ցած էր սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու թղթած­րա­րը։ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նագ­րով, սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու հան­րա­քուէն տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Դեկ­տեմ­բե­րի 6-ին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2015