ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԷԿՏԵՂՈՒՄ
Ճատրակի համալսարանական խումբերու Եւրոպայի առաջնութիւնը տեղի կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Նախընթաց օր կայացած բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կրթութեան նախարար Արմէն Աշոտեան։ «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ, նախարարը հանդէս եկաւ նաեւ բացման խօսքով մը եւ յաջողութիւն մաղթեց ներկաներուն՝ շեշտելով, թէ Հայաստանի համար մեծ պատիւ մըն է հիւրընկալել Եւրոպայի ճատրակի ուսանողական մրցաշարքը։
Հանդիսաւոր ձեռնարկին ժամանակ տողանցեցին առաջնութեան մասնակիցները։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց նաեւ Հայաստանի Ճատրակի ակադեմիոյ հիմնադիր-նախագահ, ճատրակի համաշխարհային 37-րդ ողիմպիական ախոյեան, Հայաստանի քառակի ախոյեան, մեծ վարպետ Սմբատ Լպուտեան՝ շեշտելով, թէ ուրախալի է, որ կը ծնի ճատրակի նոր մրցաշարք մը։
Ուսանողական մրցաշարքին կը մասնակցին Լեհաստանէն, Ռուսաստանէն, Փորթուգալէն, Ֆրան-սայէն, Թուրքիայէն, Խրուաթիայէն, Սերպիայէն, Սլովենիայէն եւ Հայաստանէն խումբեր։