ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ շաբաթավերջին աւարտեցին իրենց ուղեւորութիւնը դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Ծանօթ է, որ անոնք նախ այցելեցին Երեւան, աւելի վերջ ալ Պաքու։ Միջնորդները ուղեւորութեան աւարտին հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը, որու բովանդակութեան մէջ շեշտուած է, թէ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ պատրաստակամ են վերսկսելու համար բանակցութիւններու։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, միջնորդները ընդգծեցին, որ 6 Հոկտեմբերին հանդիպում ունենալով Հայաստանի, իսկ 7 Հոկտեմբերին Ատրպէյճանի նախագահին հետ՝ նպատակ ունեցած են աւարտին հասցնել անոնց տեսակցութեան նախապատրաստական աշխատանքներն ու յստակեցնել քննարկուելիք հարցերու շրջանակը։ «Երկու նախագահներն ալ հաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը՝ վերսկսիլ բանակցութիւնները հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու նպատակով», մատնանշուած է համատեղ յայտարարութեան մէջ։

Հարկ է յիշեցնել, որ Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ վերջին անգամ անցեալ տարուան Յունիսին հանդիպած էին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի մասնակցութեամբ։

Նախագահներու յառաջիկայ գագաթաժողովի մասին տեղեկատուութիւնը մօտաւոր ապագային պիտի ներկայացնեն համապատասխան կողմերը։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան շաբաթավերջին Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2017