ՍԿԻՒՏԱՐԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցան ոգեկոչման յատկանշական արարողութիւններ։ Անցեալ տարի այս գերեզմանատան մէջ բացուած էր արքունի ճարտարապետներ Պալեաններու յուշադամբանը՝ ստեղծուած անոնց շիրմին հիման վրայ։ Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրներու նուիրատուութեամբ եւ «Հայճար»ի ջանքերով կանգնուած այդ կոթողին բացումը կատարուած էր Հոկտեմբերի առաջին Շաբաթ օրը։ Հետեւաբար, «Հայճար» որոշած է ամէն տարի Հոկտեմբերի առաջին Շաբաթ օրը ոգեկոչել Պալեանները։ Այս տարուան ոգեկոչումը համատեղուեցաւ մեծանուն բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի վերյիշման հետ։ Արդարեւ, նոյնպէս Քըրմըզեան եղբայրներու նուիրատուութեամբ եւ «Հայճար»ի ջանքերով վերանորոգուած է մեծ բանաստեղծին շիրիմը, որ կը գտնուի նոյն գերեզմանատան մէջ։ Ուստի, նախ Պետրոս Դուրեանի շիրմին, աւելի վերջ ալ Պալեաններու յուշակոթողին մօտ տեղի ունեցան ոգեկոչման արարողութիւններ։ Հոգեհանգստեան պաշտօններուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ներկայ էին նաեւ Հ. Միքայէլ Վրդ. Ուչար եւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու։ Ոգեկոչումներուն մասնակցեցան բազմաթիւ կրթական մշակներ եւ մեր վարժարաններէն աշակերտներ։

Պետրոս Դուրեանի շիրմին մօտ Սիլվա Կոմիկեան հանդէս եկաւ ասմունքով մը։ Արտայայտուեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Հրաչ Քըրմըզեան եւ «Շեհիր» համալսարանէն բանասէր Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու։ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անունով արտասանեց Պայծառ Սոլաք, որ յուշապնակներ յանձնեց Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրներուն, ինչպէս նաեւ «Հայճար»էն Սէրլի Հոպիկօղլուին։

Ներկաները աւելի վերջ տեղափոխուեցան Պալեաններու յուշակոթողին մօտ։ Էլմոն Հանչէրի հանդիսավարութեամբ այստեղ ալ հոգեհանգստեան պաշտօնէն վերջ գործադրուեցաւ յայտագիր մը։ «Հայճար»ի վարչութեան ատենապետ Գէորգ Էօզգարակէօզ յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ Պալեաններու մասին ծաւալուն ուսումնասիրութիւն մը լոյս տեսած է՝ Աշոտ Գրիգորեանի հեղինակութեամբ։ Այդ գործին թրքերէն թարգմանութիւնը արդէն սկսած է, փաստավաւերագրական ժապաւէն մըն ալ կը պատրաստուի Պալեաններու մասին։

Պալեաններու յուշակոթողի եւ Դուրեանի շիրմին վերանորոգութեան ծրագրին մասնակցութիւն բերած բարերարներուն եւ մասնագէտներուն յանձնուեցան յուշանուէրներ։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին, գերեզմանատան սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, առիթն ունեցան շնորհաւորելու Քըրմըզեան եղբայրները եւ «Հայճար»ի ընտանիքը։      

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2017