ԹԱՒՇԵԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՌԱՀՎԻՐԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԹԱՏԵՐԱԲԵՄԻՆ ՎՐԱՅ

Հայաստանի մէջ իրականացած «թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը նոր իրականութեան մը առջեւ դրաւ համայն հայութիւնը - Հայաստանի թէ արտերկրի մէջ - եւ մենք հետզհետէ պիտի վարժուինք այդ նոր իրականութեան ծալքերուն եւ հետեւանքներուն: Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած շարժումը վերափոխեց ընկերային ու քաղաքական կարգ ու սարքը հայրենիքի մէջ, ստեղծելով քաղաքական նոր մշակոյթ մը, զոր կը ցանկար Հայաստանի քաղաքացին եւ որ դուրս կը մնար անոր հասողութենէն: Ընկերութիւնը շրջուեցաւ գլխիվայր եւ երկիրն ու անոր հարստութիւնները, փոխանակ ծառայելու փոքրամասնութեան մը՝ պիտի սատարեն զանգուածին, բարելաւելով անոր կենսամակարդակը, որպէսզի յաջորդ ընտրութեան քաղաքացին կարիքը չունենայ երեսուն արծաթով վաճառելու իր քաղաքական ճակատագիրը: Իրագործելէն ետք ներքին յեղաշրջումը՝ իշխանութեան գլուխը անցած երիտասարդ ղեկավարութիւնը պէտք է փաստէր նաեւ, որ կրնայ երկիրը ապահով կերպով առաջնորդել աշխարհի քաղաքական հրապարակներուն վրայ: Սկզբնական կասկածներէն եւ ցնցումներէն ետք՝ կը թուի, թէ յեղափոխութեան ղեկավարը յաջողած է Հայաստանի դիրքը ամրագրելու ԵԱՏՄ-ի կազմէն ներս, յատկապէս երաշխաւորելով մեր մեծ դաշնակցին՝ Ռուսաստանի վստահութիւնը: Հետեւաբար, յաջողապէս նաւարկելէ ետք քաղաքական լիճին մէջ, հերթը հասած էր կարենալ լողալ ովկիանոսի լայն հորիզոնին վրայ: Թաւշեայ յեղափոխութեան ռահվիրային համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին առջեւ ունեցած իր ելոյթը այդ փորձաքննութիւնն էր, որ ինք անցուց յաջողապէս: Նախքան Փաշինեանի ելոյթը՝ արդէն բարձր էին տպաւորութիւններն ու ակնկալութիւնները Հայաստանէն եւ անոր ներկայացուցիչներէն, երբ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը՝ Ա. Կութերէս «արտակարգ դէպք» որակած էր Հայաստանի մէջ իրագործուած անարիւն յեղաշրջումը: Եւ Նիկոլ Փաշինեան այդ տրամադրութեանց խորքին վրայ ունեցաւ իր ելոյթը, նախ անդրադառնալով այդ յեղաշրջումի բնոյթին եւ ապա կեդրոնանալով մեր երկրին սպառնացող քաղաքական վտանգներուն: Ան անգամ մը եւս շեշտեց, թէ երկրի արտաքին քաղաքականութեան մէջ կտրուկ շրջադարձներ տեղի պիտի չունենան եւ թէ Հայաստան պիտի շարունակէ պահել իր միջազգային յանձնառութիւնները: Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ) կնճռոտ խնդրին՝ ան ճիշդ կերպով բանաձեւեց զայն, ըսելով որ Ատրպէյճան կ՚ուզէ տիրանալ Ղարաբաղի հողին՝ բնաջնջելու համար անոր բնակչութիւնը, որուն հետ չ՚ուզեր անգամ բանակցիլ: Դիպուկ կերպով յիշեց նաեւ, որ Ատրպէյճանի կազմէն ներս Ղարաբաղը ճակատագրուած է հայաթափուելու, ինչպէս նախընթացը պատահած է Նախիջեւանի մէջ: Վեր առնելով Հայաստանի սկզբունքային կեցուածքը՝ Փաշինեան վերահաստատեց Հայաստանի քաղաքական հայեացքը, խաղաղ միջոցներով լուծելու տագնապը, ապաւինելով Մինսքեան խմբակի կառոյցին եւ գործելու կերպին: Իբրեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգ՝ Փաշինեան կարեւորեց 70-ամեակը երկու հիմնական միջազգային փաստաթուղթերու - Մարդկային Իրաւանց ընդհանուր կոչին եւ ցեղասպանութեան կանխարգելումի եւ պատժումի որոշմնագրին: Իր խօսքին վերջաւորութեան ֆրանսերէն լեզուով կատարած հաստատումը հաճելի էր որքան լեզուական իմաստով, նոյնքան նաեւ խորքային իմաստով, որ կը պարզէր, թէ Հայաստան մաս կը կազմէ ֆրանքոֆոնիի ընտանիքին եւ թէ ի մօտոյ պիտի հիւրընկալէ 17 երկիրներու պետական դէմքերը այդ կազմէն ներս: ՄԱԿ-ի նիստին առընթեր Հայաստանի վարչապետը առիթը ունեցաւ հանդիպելու Ամերիկայի Արեւելեան ափի կառոյցներուն եւ անոնց ղեկավարութեանց: Այդպիսի ծանօթացում մը լրացուցիչ դեր կը կատարէ պետական դէմքերու ճանաչողական հայեցակէտէն ներս, որովհետեւ Հայաստանի բնակչութեան, որքան ղեկավարութեան, ըմբռնողութեան մէջ ամերիկահայութիւնը կամ սփիւռքահայութիւնը կեդրոնացած են Կլենտէյլի մէջ: Արդարեւ, Կլենտէյլի հայութեան մեծամասնութեան համար քիչ մը կանուխ է դեռ յաւակնելու ամերիկահայութիւնը կամ՝ ամբողջ սփիւռքը ներկայացնելու, որովհետեւ, այդտեղի հայութիւնը քաղաքականօրէն ու հոգեբանօրէն երկարաձգումն է Հայաստանի բնակչութեան: Իր այս այցելութեամբ վարչապետը փաստօրէն անդրադարձաւ այն հաստատումներուն, որոնք միշտ կը կրկնուին, թէ սփիւռքը բազմաշերտ է եւ անպայման միատեսակ չի գործեր ու չի մտածեր: Սակայն, այսպիսի առիթներ զօրաշարժի կ՚ենթարկեն համայն սփիւռքը։

Վարչապետին կ՚ընկերանար նաեւ Ամենայն Հայոց Հայրապետը՝ Գարեգին Բ., ինչ որ խորհրդանշական պատգամ մը կու տար բոլոր լսել ուզող մարդոց, թէ որքան ալ եկեղեցի եւ պետականութիւն անջատ միաւորներ են, Մայր Աթոռը վտանգելու փորձերը կրնան բացասական արձագանգ գտնել սփիւռքի մէջ: Աննշան զուգադիպութիւն մը չէր Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին մէջ կայացող «Հայաստան» ցուցահանդէսը, որ կերպով մը ՄԱԿ-ի քաղաքական ենթախորքին վրայ կ՚աւելցնէր Հայաստանի չորս հազարամեայ քաղաքակրթութեան պատմութիւնը: Պատգամը այն էր, թէ ոչ միայն սպաննուած էին մէկուկէս միլիոն անհատներ այլ քանդել փորձուած էր հազարամեակներով հարստացած քաղաքակրթութիւն մը, որ կը վերադառնար մարդկութեան՝ արուեստի բարձրագոյն դիւաններէն: Վարչապետը կատարեց քաղաքական ուղեւորութիւն մը, որ կարելի ընծայեց Հայաստանի կոչը լսելի դարձնելու աշխարհին, միեւնոյն ատեն ստեղծելով համայնքային ոգեւորութիւն եւ լաւատեսութիւն՝ ապագային նկատմամբ:

Խմբագրական «Պայքար»ի, Պոսթոն

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2018