ԻՏԼԻՊԷՆ ԴՈՒՐՍ ԿԸ ԲԵՐՈՒԻՆ ԾԱՆՐ ԶԷՆՔԵՐԸ

Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ձեռք բերուած Սոչիի համաձայնութեան հիման վրայ՝ Սուրիայէ ներս վերջին օրերուն տեղի կ՚ունենան կարեւոր իրադարձութիւններ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Իտլիպ քաղաքը կը դատարկուի ծանր զէնքերէ։ Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ ապահովուած համաձայնութեան հիման վրայ որոշուած էր Իտլիպն ու շրջակայքը վերածել՝ բախումներէ զերծ գօտիի մը։ Այս հիման վրայ Իտլիպի ծանր զէնքերուն 99 տոկոսը արդէն դուրս բերուած է քաղաքէն։ Ծանր զէնքերու մնացեալ մէկ տոկոսն ալ արդէն պատրաստ է քաղաքէն դուրս բերուելու։ Նոյն շրջանին մէջ կը գտնուի «Էլ Քաիտէ» ահաբեկչական կազմակերպութեան շառաւիղ «Հէյէթ թահրիր էլ Շամ» կազմակերպութիւնը։ Մինչեւ 15 հոկտեմբեր ժամանակ ունի այս մէկը՝ Իտլիպը լքելու համար։ Եթէ այդ կազմակերպութեան որոշ տարրեր յամառին քաղաքը չլքելու ուղղութեամբ, ապա անոնք պիտի չէզոքացուին։ Սոյն տեղեկութիւնները կը հաստատուին նաեւ Սուրիոյ Մարդու իրաւանց դիտարկման տան կողմէ։ AFP եւս տեղեկացուց, որ այդ ահաբեկիչներէն եւ այլ ճիհատական խումբեր Իտլիպի շրջակայքէն դուրս բերած են իրենց ծանր զէնքերը։

Իտլիպի ամբողջական դատարկումէն վերջ թրքական եւ ռուսական զօրքերը պիտի սկսին հերթապահութեան։

Մոսկուայի ղեկավարութիւնն ալ երէկ տեղեկութիւններ փոխանցեց այս գործընթացին շուրջ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սերկէյ Վերշինին յայտնեց, որ բախումներէ զերծ գօտիի սահմանները յստակեցուած են եւ Թուրքիոյ հետ Իտլիպի պարագային ձեռք բերուած համաձայնութիւնը կը բանի։ Երկու երկիրներու իրաւասուները քանիցս ժողովներ գումարելով աշխատանք տարած են համաձայնութիւնը կեանքի կոչելու նպատակով։ Ռուս փոխ-նախարարը յայտնեց նաեւ, որ Սուրիոյ հիւսիսին գործող ԵՓԿ-ՓԵՏ-ի Մոսկուայի կողմէ զէնք-զինամթերք չի տրամադրուիր։ Վերշինինի խօսքով՝ ռուսական կողմը օժանդակութիւն չի ցուցաբերեր այն խմբաւորումներուն, որոնք Սուրիոյ ղեկավարութեան կողմէ ապօրինի հռչակուած են։ Ան յիշեցուց, որ ԵՓԿ-ՓԵՏ մաս կը կազմէ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն, որոնք կը հովանաւորուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ։ Միւս կողմէ, Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատն ալ յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ Իտլիպի պարագային ապահովուած համաձայնութիւնը ժամանակաւոր նախազգուշական միջոց մըն է։ Էսատ ընդգծեց, որ Իտլիպ պիտի անցնի Դամասկոսի ղեկավարութեան հովանիին տակ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2018