ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԻ 38-ՐԴ ՀԱՏՈՐԸ

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը վերջերս լոյս ընծայեց «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ի 38-րդ հատորը։ Վերջին շրջանին համալսարանէն հասած հաճելի լուրերու շարքին միշտ տեղ կը զբաղեցնեն հանդէսի հերթական համարներու հրատարակութեան առթիւ կազմակերպուած շնորհանդէսները։ Հանդէսի 38-րդ հատորի լոյս տեսնելուն առթիւ եւս տեղի ունեցած է շնորհանդէս մը։ Այս կապակցութեամբ Հուրի Աթթարեանի ստորագրութեամբ համալսարանի աղբիւրներուն կողմէ ուղարկուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է հետեւեալը.

Աւելի քան քառորդ դարու ամէնամեայ աւանդութեան վերածուած, «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ի անխափան լոյս ընծայումը աներկբայ վկայութիւնն է Հայկազեան համալսարանի ունեցած դերին եւ յանձնառութեան՝ հայ դպրութեան սատարելու ընդհանուր ճիգերուն:

«Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ին 38-րդ հատորին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ 3 հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 7.00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ։ Ներկայ էին Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, Համալսարանի նախագահ վեր. Տքթ. Փոլ Հայտոսթեան, Լիբանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան եւ համայնքի հետ կապերու կցորդ Տքթ. Վլատիմիր Պօղոսեան, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի ներկայացուցիչ Տ. Մկրտիչ Քհնյ. Քէշիշեան, Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքապետ վեր. Յ. Սելիմեան, Տ. Հեթում Վրդ. Տաղլեան, լիբանանահայ երեք օրաթերթերու եւ համացանցի լրատուական սպասարկութեան պատասխանատու խմբագիրներ, կրթական ու մամլոյ մշակներ եւ բարեկամներ։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հանդէսի խմբագիր, Հայ աւետարանական քոլէճի տնօրէն Տքթ. Արմէն Իւրնէշլեան: Բարիգալուստի խօսքերէն ետք, ան արժեւորեց երջանկայիշատակ Հ. Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի 27 տարիներու ծառայութիւնը հանդէսին՝ իբրեւ խմբագրապետ։ Իւրնէշլեան ընդգծեց, որ «Տարի մը անցաւ արդէն եւ աշխատանքները չկաղացին, հանդէսին որակը չտուժեց, կազմը համերաշխ գործեց: Կը նշանակէ, որ վարդապետը իսկապէ՛ս կրցած էր ոչ միայն գլխաւորել, այլեւ՝ ձեւաւորել աշխատանքային կազմ մը, որ առանց իրեն, բայց ի՛ր սկզբունքներով շարունակեց աշխատանքը. փաստը՝ այս հատորը»: Ապա ան ներկայացուց հատորին բովանդակութիւնը՝ նշելով, որ ան կը բաղկանայ 40 յօդուածներէ, հրապարակումներէ, քննարկումներէ ու հաղորդումներէ, մանրամասնելով նաեւ, թէ քանի յօդուած կ՚անդրադառնար հայագիտութեան իւրաքանչիւր բնագաւառի: Անդրադառնալով հեղինակներուն, Տքթ. Իւրնէշլեան մատնանշեց, որ ի հեճուկս հայագիտութեան հանդէպ առկայ պարտուողական կարծիքներու, հանդէսի 38-րդ այս հատորին մէջ 40-էն նուազ տարիքի հեղինակներուն թիւը կը կազմէ 13: Հուսկ, ան եզրափակեց իր խօսքը հաւաստելով, թէ՝ «հակառակ մեզ շրջապատող զանազան ժխտական երեւոյթներու եւ յուսահատութեան մղող ազդակներու, հանդէսը պիտի շարունակէ իր երթը նոյն յանձնառութեամբ, շնորհիւ համալսարանի ղեկավարութեան նեցուկին ու օժանդակութեան»:

Ապա ելոյթ ունեցաւ հանդէսի պատասխանատու խմբագիր Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան: Ան ըսաւ. «Հայ իրականութեան եռեւեփող առօրեային կշռութաւոր դարձած անկայունութեան մէջ, «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ը, լիբանանահայ մամուլը, կիրակնօրեայ պատարագն ու պաշտամունքը եւ մեր դպրոցները ունին կշռութաւոր եւ կայուն ներկայութիւն»: Ան նշելով, որ «համաշխարհայնացած մեծ պաստառին դիմաց, մեզմէ իւրաքանչիւրը իբրեւ անհատ, յաճախ ալ իբրեւ փոքրաթիւ ազգ՝ մենք զմեզ փոքրուկ կը զգանք», ընդգծեց ու շարունակեց՝ «չենք անդրադառնար, թէ մեզմէ դուրս գտնուող այդ մեծ ամբողջութիւնը կազմող համապատկերը ինքնին բաղկացած է փոքրամասնութիւններէ»:

Տքթ. Տագէսեան շեշտեց, որ հանդէսը պիտի շարունակէ քննականօրէն մօտենալ իր առաքելութեան, «արժեւորելով իր իւրաքանչիւր նորածինը, ձգտելով աւելի լաւին ու արդիւնաւէտին, գերազանցելով ինքզինք»:

Եզրափակելով իր խօսքը, Տքթ. Տագէսեան յայտնեց, որ «այսօր շուրջ յիսնամեայ իր երթի հզօր տարիքին հասած հանդէսը, կոփուած տասնամեակներու իր արդիւնքով, ջրդեղուած իւրայատուկ փորձառութեամբ, ներդաշնակուած իր երէց, միջին ու կրտսեր սերունդներու աշխատակիցներու հետազօտութիւններով, առաւել ամրացած իր նորամուտ խմբագիր Սիլվա Փափազեանով, թիկունքաւորուած հանդէսի ձեռնարկներուն ներկայ գտնուող գիտակից բարեկամներով, ընդհանրապէս իր աշխատանոցին մէջ եւ շուրջ ծաւալած հաղորդականութեամբ, առողջ ժողովրդավարութեամբ ու համախոհական տրամադրութիւններով յառաջացուցած է համանուագ մը, որ իւրայատուկ կոհակներ կ՚արձակէ հայ միջավայրին: Հանդէսը դեռ երկար տարիներ պիտի շարունակէ Հ. Կռանեանին եւ այս խմբակին ու համալսարանի նախագահութեան կողմէ խմորուած ու մշակուած իւրօրինակ թարմ լաւաշ մատուցանել հայութեան եւ գիտութեան»:

Շնորհանդէսին իր սրտի խօսքը փոխանցեց դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Մեծարգոյ դեսպանը ողջունելով հանդէսին հրատարակութիւնը՝ յայտնեց, թէ հատորը ծանրակշիռ է իր հարուստ բովանդակութեամբ, որով հնարաւորութիւն կը յառաջանայ ծանօթանալու հայ ժողովուրդի մշակութային, պատմական, գրական եւ ազգագրական երեսակներու: Ան յոյս յայտնեց, որ սփիւռքի մէջ իր նմանը չունեցող «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ը «մեզ պիտի ուրախացնէ, լուսաւորէ եւ մտորումներու առիթ հանդիսանայ դեռ երկար տարիներ» եւ մաղթեց, որ հանդէսը շարունակէ իր առաքելութիւնը նո՛յն ոգիով եւ նոյն նուիրումով:

Շնորհանդէսի եզրափակման իր խօսքը փոխանցեց վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան, որ հանդիսութիւնը բնութագրեց հետեւեալ խօսքերով. «Այսպիսի հանդիսութեան մէջ դեր չունին հրավառութիւնն ու արտաքին պերճանքը, բազմութիւններն ու դահլիճներու փայլքը: Հուրի զօրութիւնը գրիչին մէջ է, պերճանքը՝ մտքի պայծառութեան, բազմութիւնը՝ նիւթերու խորքին զանազանութեան, իսկ փայլքը՝ հոգիի անկեղծութեան եւ անոր տարրական պարզութեան մէջ»:

Վեր. Հայտոսթեան բարձր գնահատելով հայագիտական բնագաւառին մէջ գործող մշակները՝ ըսաւ. «Հայագիտութեան նուիրական աշխատանքի լծուած անձեր, նամանաւանդ սփիւռքի մէջ, յաճախ կը զգան թէ արտադրողականութեան կողքին կայ թանկարժէք բան մը պահելու, պահպանելու եւ տակաւին տարածելու լուրջ առաքելութիւնը: Ընդհանրապէս նախանձելի չեն այն ասպարէզները, ուր մշակը պէտք է գործէ վայրընթացի մթնոլորտի կամ վտանգուածի հոգեբանութեամբ եւ փոխանակ մշակութիւն եւ յառաջընթաց կատարելու, յամառօրէն խաղայ կղզիացած կալուածի տնտեսի դերը»: Վեր. Հայտոսթեան 1970-էն ի վեր «Հայկազեան համալսարանի հանդէս»ին իւրայատկութեան ու դերին անդրադարձ կատարելէ ետք ապագայի ծրագրերու եւ յանձնառութեանց առումով մատնանշեց հետեւեալ շարք մը կէտերը.

- Հայագիտութիւնը դիտել որպէս ապագայի գիտութիւն, զարգացող, ու այլ գիտութիւններու հետ քայլ պահող, եւ այդ բոլորը օգտագործել ամուր հիմքեր գտնելով:

- Ապահովել երիտասարդ սփիւռքահայ ուսումնասիրողներու ներդրումը:

- Պահպանել գիտական մակարդակը եւ շարունակաբար օգտագործել արդի մեթոտներ, լաւագոյնս օգտագործելով թուային աշխարհի հնարաւորութիւնները:

- Զարգացնել հայագիտական հանդէսներու եւ գիտաշխատողներու եւ հայագիտական կեդրոններու միջեւ գործակցութիւնը:

- Լեզուական թէ քերականական հմտութիւններու կորուստին զուգահեռ գծել սահմանները ընդունելիին ու անընդունելիին:

- Հայագիտութիւնը չվերածել գաղափարախօսութեան հարթակի:

- Զանազան լեզուներու օգտագործման իրականութեան մէջ չմոռնալ յատուկ կարեւորութիւնը արեւմտահայերէնին:

Եզրափակելով իր խօսքը, վերապատուելի Հայտոսթեան վերարժեւորեց տարի մը առաջ վախճանած երջանկայիշատակ Հ. Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ անոր շունչով բեղմնաւորուած խմբագրական կազմի պատասխանատու խմբագիր նշանակուած է հանդէսի երկար տարիներու պատասխանատու քարտուղար՝ Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան:

Հուսկ, վեր. Հայտոսթեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ներկաներուն իրենց քաջալերական ներկայութեան համար:

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2018