ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԻԼԱՆՕ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ներկայ ամսուան մէջ պիտի այցելէ Իտալիա։ Վեհափառ Հայրապետը պիտի նախագահէ Միլանոյի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ օծման 60-ամեակի յոբելենական հանդիսաւոր արարողութիւններուն։ Հոկտեմբերի 21-ին նախատեսուած են Միլանոյի արարողութիւնները եւ այս առթիւ շրջանի հայութիւնը կը պատրաստուի խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալելու Նորին Սրբութիւնը։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, դէպի Իտալիա ուղեւորութեան ընթացքին Միլանոյէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը պիտի այցելէ նաեւ Հռոմ։ Հաւանական է, որ Վատիկանի մէջ եղբայրական հանդիպում մը տեղի ունենայ Ամենայն Հայոց Հայրապետին եւ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին միջեւ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2018