ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՇՈՒՐՋ ԼՈՒՐՋ ԹԱՓՈՎ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի ուշագրաւ խմորումները կը շարունակուին։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յամառ ջանքերով մթնոլորտ կը ձեւաւորէ՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները ժամ առաջ կազմակերպելու ուղղութեամբ։ Երէկ, Փաշինեան փաստաթուղթ մը ստորագրեց «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի հետ։ Այս համաձայնութիւնը կը նախատեսէ ժամ առաջ խորհրդարանական ընտրութիւններու ձեռնարկել։ Համաձայնութեան նշանակութիւնը պայմանաւորուած է անցեալ շաբթուան հրատապ իրադարձութիւններով։ Արդարեւ, քանի մը օր առաջ Ծառուկեանի կուսակցութիւնը գործակցած էր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հետ՝ խորհրդարանի կողմէ ընդունուած օրէնքի մը համար, որով կը դժուարանար արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպումը։ Իսկ այժմ, Փաշինեան եւ Ծառուկեան համաձայնութեան հասած են, որպէսզի դեկտեմբերին արտահերթ ընտրութիւններ տեղի ունենան Հայաստանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս առաւօտ ալ Հայաստանի խորհրդարանէն 14 երեսփոխան ստորագրութիւն դրաւ յայտարարութեան մը տակ, որ կը նախատեսէ յառաջիկայ դեկտեմբերին կատարել արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ եւ մինչ այդ խորհրդարանի կողմէ Նիկոլ Փաշինեանէ զատ անձի մը վարչապետի թեկնածու չառաջադրուիլը։

Բաց աստի, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը երէկ խորհրդարանական խմբակցութենէն կորսնցուց յայտնի անուն մը։ Այսպէս, Գէորգ Կոստանեան, որ նախապէս եղած էր աւագ դատախազ, զօրակցութիւն յայտնեց վարչապետ Փաշինեանին։ «Նիկոլ Փաշինեան ազնիւ է իր նպատակներու եւ քաղաքական ուղղուածութեան մէջ», յայտնեց Կոստանեան։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2018