ԹԱՓՈՎ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Մինչ Սուրիոյ տագնապը կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը, Թուրքիա վճռակամութեամբ կը հետապնդէ իր որդեգրած առաջնահերթութիւնները։ Ներկայիս, թրքական կողմը՝ Սուրիոյ հիւսիսին՝ Եփրատի արեւելքին անվտանգ գօտի մը ստեղծելու նպատակը կը հետապնդէ յամառ ջանքերով եւ միջազգային նոր իրադրութեան մը պայմաններուն ներքեւ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները այս շրջանին Սուրիոյ հիւսիսէն կը հեռացնէ իր զօրքերը եւ այս կացութիւնը նոր իրավիճակի մը ծնունդ կու տայ դաշտի վրայ։ Թուրք զինեալ ուժերը ամէն պահ կրնան գործողութեան ձեռնարկել՝ Եփրատի արեւելքը ահաբեկչական տարրերէ մաքրագործելու նպատակով։ Համապատասխան պատրաստութիւնները կ՚ընթանան թափով։ Ազգային մեծ ժողովն ալ երէկ լիազօրութիւն տուաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին՝ դէպի Իրաք եւ Սուրիա զօրք ուղարկելու նպատակով։ Բացի ՀՏՓ-էն, բոլոր կուսակցութիւնները հաւանութիւն տուին այդ նախագծին։

Թէեւ Թուրք զինեալ ուժերու հաւանական գործողութիւնը որոշ չափով խուճապ ստեղծած է ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի շարքերէն ներս, սակայն տակաւին յայտնի չէ, որ Եփրատի արեւելքին ինչպիսի իրավիճակ մը պիտի ստեղծուի մօտաւոր ապագային։ Վարկածները տեղական մամուլին ալ օրակարգը կը զբաղեցնեն։

Այս մթնոլորտին մէջ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ ալ ստեղծուած է նոր աշխուժութիւն մը։ Սպիտակ տան մէջ, երէկ, ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սուրիոյ իրավիճակին շուրջ յայտարարութիւններ ըրաւ՝ պաշտպանութեան նախարարին եւ այլ բարձրաստիճան զինուորականներու ներկայութեամբ։ Թրամփ մանրամասնութիւններ փոխանցեց վերջին օրերուն Էրտողանի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի բովանդակութեան շուրջ։ «Էրտողան 13 նոյեմբերին Ուաշինկթըն պիտի այցելէ իմ հրաւէրով», յայտնեց Թրամփ եւ ընդգծեց, որ Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի կարեւոր դաշնակիցներէն մին է։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2019