ԿԱՐՕ ՔԻՒՐՔՄԱՆԷՆ ՀՍԿԱՅԱԾԱՒԱԼ ՆՈՐ ԳԻՐՔ ՄԸ
Ընկերատնտեսական նիւթերու պատմութեան յայտնի պրպտող Կարօ Քիւրքման վերջերս հրատարակած է նոր գիրք մը, որ ձօնուած է Օսմանեան շրջանի արքունի ոսկերիչներուն։ «Osmanlı Saray Kuyumcuları 1853-1871» հաստափոր այս հատորը լոյս տեսած է «Korpus» հրատարակչութենէն։ Իսկապէս կոթողային աշխատանք մըն է այս մէկը, որ կեդրոնացած է սուլթան Ապտիւլմեճիտի եւ սուլթան Ապտիւլազիզի շրջաններուն «Darpane-i Amire Kuyumcu Odası»ի արտադրական արձանագրութիւններուն վրայ։ Գիրքը լոյս տեսած է մեր համայնքի համակրելի բարերարուհիներէն Այտա Այվազի զօրակցութեամբ։ Կարօ Քիւրքմանի հեղինակած գիրքին խմբագիրը եղած է Մեսուտ Կէօք։
Գիրքի յառաջաբանին մէջ հեղինակը յիշեցուցած է, որ այս գործը տասնեակ տարիներու ուսումնասիրութիւններու պտուղն է։ Կարօ Քիւրքման այսպէսով պատմութեան նկատմամբ պարտքը հատուցելու նպատակը հետապնդած է։ Ան այս ուսումնասիրութիւնները զանազան առումներով ուղեցոյց մը կը նկատէ։ Հեղինակը յառաջաբանին մէջ առ ի շնորհակալութիւն թուարկած է երկար անունացանկ մը։ Այդ շարքին մաս կը կազմեն Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան եւ Մխիթարեան միաբանութենէն Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեան։
Կարօ Քիւրքմանի այս հաստափոր հատորը կ՚ընդգրկէ բազմաթիւ ցուցակներ եւ ճոխ տեսողական առարկաներ։ Տուեալ ժամանակաշրջանին պալատին հետ համագործակցած հայ վարպետներու զմայլելի արտադրանքը այս գիրքին մէջ ցոլացած է բոլոր առանձնայատկութիւններով։ Այդ ամբողջին մաս կը կազմեն ոսկիէ կամ արծաթէ զանազան մետայլներ, դրամներ, զէնքեր, սուրեր, բազմաբնոյթ իրեր, գրիչներ, երբեմն ալ թաւիշի կամ այլ նիւթերու վրայ բանուածքներ։
Կարօ Քիւրքման իսկապէս մեծ գործ մը տեսած է այս գիրքը հրատարակելով։ Հայ արհեստաւորներու կողմէ Օսմանեան շրջանին կատարուած արտադրանքի նշանակութիւնը կը ցոլացնէ այս գիրքը։ Այդ արտադրանքը միայն տնտեսական կամ առեւտրային նշանակութիւն չունի։ Այստեղ խօսքը կը վերաբերի ամբողջ մշակոյթի մը, արտադրական դպրոցի մը, սերունդէ սերունդ փոխանցուած վարպետութեան, խստապահանջ որակի եւ անկրկնելի ճաշակի մը։ Այդ ամբողջը տարբեր ժամանակներու մէջ ունեցած են գերազանց դրսեւորումներ։ Գիրքը յատկանշական է նաեւ այն առումով, որ վերոյիշեալ բոլոր հանգամանքները բարձր գնահատանքի արժանի դարձած են Օսմանեան արքունիքին կողմէ եւ պալատին համար կատարուած ըլլալու հանգամանքը, անշուշտ, բազմապատկած է հայ արհեստաւորներու տաղանդին ու արտադրանքին արժէքը։
Կարօ Քիւրքման առաջին անգամ չէ, որ գիրք մը կը հրատարակէ։ Իր նախորդ գիրքերն ալ կը ներկայացնէին բարձր արժէք եւ մերօրեայ սերունդներուն համար դարձած են այնպիսի աղբիւրներ, որոնք կը պայմանաւորեն այս աշխարհագրութեան հաւաքական յիշողութիւնը։ Կարօ Քիւրքմանի ներկայ գիրքն ալ անտարակոյս նման ազդեցութիւն մը պիտի գործէ եւ ժամանակի ընթացքին բոլոր հետաքրքիրները ա՛լ աւելի լաւ պիտի ըմբռնեն իր խորաթափանց ուսումնասիրութեան նշանակութիւնը։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք հեղինակը՝ այս կոթողային գործը կեանքի կոչած ըլլալուն համար։