ՍԹՈԼԹԵՆՊԵՐԿ ՈՒՐԲԱԹ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԹՈՒՐՔԻԱ

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ այս ուրբաթ պիտի այցելէ Թուրքիա։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ընդհանուր քարտուղարը պաշտօնական հանդիպումներ պիտի իրականացնէ Իսթանպուլի մէջ։ Բարձր մակարդակի տեսակցութիւններէն վերջ ան պիտի սարքէ նաեւ մամլոյ ասուլիս մը։

Թուրքիա ժամանելէ առաջ Եէնս Սթոլթենպերկ կ՚այցելէ Իտալիա եւ Յունաստան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2019