ՔԱՐՏԱՇԵԱՆ ՈԳԵՒՈՐՈՒԱԾ

Ամերիկահայ աշխարհահռչակ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան՝ Տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովին (WCIT) առթիւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան տեղեկացուց, որ կը ծրագրէ Հայաստանի մէջ կազմակերպել արտադրութիւն։ Խօսքը կը վերաբերի իր նախաձեռնութեամբ կատարուած անուշահոտերու եւ ներքնազգեստներու արտադրութեան։

Երէկ, Քիմ Քարտաշեան ասուլիսի մըն ալ մասնակցեցաւ WCIT-ի ծիրէն ներս։

Օգտուելով Հայաստանի մէջ գտնուելու առիթէն՝ Քիմ Քարտաշեան իր փոքրիկներն ալ մկրտել տուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2019