ՄՈՍԿՈՒԱ ԿԸ ՋԱՆԱՅ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԻՋԵՒ ՆՈՐ ՇՓՈՒՄ ՄԸ ԱՊԱՀՈՎԵԼ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, իսկ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Թիֆլիզի մէջ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի կողմէ, նաեւ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։

Հարաւային Կովկասի առկայ բարդ հաւասարակշռութիւններուն ներքեւ օրակարգի վրայ է նաեւ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ նոր հանդիպում մը՝ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով։

Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին յայտարարեց, որ հոկտեմբերի 12-ին, Պիշքեքի մէջ նախատեսուած ԱՊՀ-ի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս տեղի կրնայ ունենալ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը։ Ռուս դիւանագէտը յայտնած է, որ Պաքու արդէն տուած է իր համաձայնութիւնը եւ այժմ կը սպասուի Երեւանի արձագանգին։ Կալուզին աւելցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ինքնալուծարումով տակաւին վերջակէտ չէ դրուած Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան։ Եւ այս առումով կը շարունակէ այժմէական մնալ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ ղեկավարներու մակարդակով գոյացած համաձայնութիւններու համալիրը։ «Չի բացառուիր որ Լեռնային Ղարաբաղէն հեռացածները ինչ-որ փուլի մէջ որոշեն վերադառնալ. խաղաղապահներուն ներկայութիւնը այդ մարդոց համար կը դառնայ հանգստութեան յաւելեալ գործօն», ըսաւ փոխ-նախարարը, որ համոզուած է, թէ ռուս խաղաղապահներու առաքելութիւնը կը մնայ աւելի քան պահանջուած։ Ան յիշեցուց, որ 6 ռուս զինուոր զոհուած է մարտական հերթապահութեան ժամանակ։

Ի լրումն այս բոլորին, Միխայիլ Կալուզին նշեց, որ Ռուսաստանը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոմիութիւնը կրնան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ միասին աշխատիլ՝ միայն այն պարագային, եթէ Արեւմուտքը հաշուի առնէ Մոսկուայի միջնորդութեամբ գոյացած պայմանաւորուածութիւնները։ «Եւրոմիութիւնը կարգաւորումէ աւելի հետամուտ է Ռուսաստանը տարածաշրջանէն դուրս մղելու։ Այս բանին մէջ կայ անհասանելիին հասնելու Արեւմուտքի ընթացքին մէկ մասը՝ այն ինչ, որ անոնք կը փորձեն անուանել Ռուսաստանի միջազգային մեկուսացում։ Սա այդ ընթացքի դրսեւորումներէն մին է», նշեց ան։

Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, Փաշինեան եւ Փութին շաբաթավերջի հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկեցին Արցախի հայութեան բռնի տեղահանութենէն յետոյ ստեղծուած իրավիճակը եւ երկկողմանի օրակարգի շարք մը հարցեր։ Փաշինեան շնորհաւորեց նաեւ Փութինին տարեդարձը։

Ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը շեշտեց նաեւ, որ իր երկիրը Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին աշխուժօրէն կ՚օգնէ «Մեղրիի երթուղիի» բացման հարցին մէջ։ Անդրադառնալով Հարաւային Կովկասէ ներս փոխադրութեան ու տնտեսական կապերու ապաշրջափակման՝ ան ըսաւ. «Ի վերջոյ, խօսքը Հայաստանի տարածքով անցնող երկաթուղիի մասին է։ Ուստի, ես ինձ թոյլ կու տամ օգտագործել «Մեղրիի երթուղի» ձեւակերպումը։ Այո, Ատրպէյճանի մէջ զայն կը կոչեն «Զանգեզուրի միջանցք»։ Այնպէս ըսենք, որ այդ ձեւակերպումը գոհացնէ բոլորը»։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2023