«ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՈՒ ՓՈԽԱԴՐԱԿԱՆ ՄԻՋԱՆՑՔՆԵՐՈՒ ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄԸ ՀՆԱՐԱՒՈՐ Է ՄԻԱՅՆ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ»
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան պատրաստ է լիովին ապահովել իր տարածքով բեռներու, փոխադրամիջոցներու եւ մարդոց երթեւեկութեան անվտանգութիւնը։
Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ մը ունեցաւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ)՝ Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովին։ Ան այս առթիւ ըսաւ. «Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան հաստատման կարեւոր երեսակներէն մին է բոլոր փոխադրութեան եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակումը։ Այս համատեսքին մէջ ընդգծեմ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է լիովին ապահովել իր տարածքով բեռներու, փոխադրամիջոցներու եւ մարդոց երթեւեկութեան անվտանգութիւնը։ Սա մեր ցանկութիւնն է, մեր պարտաւորութիւնը եւ մենք սա կ՚երաշխաւորենք։ Ի դէպ, բոլոր յայտարարութիւնները, ըստ որոնց՝ Հայաստան իբր ձեւով մը համաձայնած է, որպէսզի երրորդ երկիրներ ապահովեն հաղորդակցութեան անվտանգութիւնը իր ինքնիշխան տարածքէն ներս կամ այս բանը նախատեսուած է որեւէ փաստաթուղթով, ուղղակի չեն համապատասխաներ իրականութեան։ Իր տարածքով անվտանգութեան ապահովումը որեւէ երկրի ինքնիշխան պարտաւորութիւնն է։ Սա մեր գործն է եւ մենք սա կ՚ընենք երաշխաւորուած»։
Այսպէսով Նիկոլ Փաշինեան Մոսկուայի մէջ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ներկայութեամբ վերահաստատեց, որ Հայաստան երբեք չէ համաձայնած երրորդ երկիրներու մասնակցութեան՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան անվտանգութեան ապահովման հարցին մէջ։
Բաց աստի, Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ Ատրպէյճանէն տարածքային պահանջներ գոյութիւն չունին։ «Երեւան պատրաստ է ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիրը արդէն այս ամիս եւ սա մեր պաշտօնական դիրքորոշումն է», ըսաւ ան։
ԱՊՀ-ի գագաթաժողովի ընթացքին Փաշինեանի կողմէ տրուած պատգամներուն համազօր կարեւոր էին նաեւ նախօրէին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Փաշինեան-Փութին եւ Փութին-Ալիեւ երկկողմանի առանձին հանդիպումերը։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, Վլատիմիր Փութին ընդգծեց, որ տարեվերջին Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը կրնայ հասնիլ 14-16 միլիառ ամերիկեան տոլարի մակարդակին, ինչ որ մրցանիշ մը կը համարուի։ Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ մատնանշեց, որ վերջին ամիսներուն Երեւան-Մոսկուա քաղաքական երկխօսութեան մէջ աշխուժութիւն կը նկատուի։ Բաց աստի, Փաշինեան եւ Փութին որոշեցին դարձեալ հանդիպիլ BRICS-ի մօտալուտ գագաթաժողովին, որ յառաջիկային տեղի պիտի ունենայ Ռուսաստանի Քազան քաղաքին մէջ։ Ի լրումն այս բոլորին, Փաշինեան Փութինի հետ հանդիպման ընթացքին մտահոգութիւն յայտնեց Ռուսաստանի շարք մը պաշտօնատարներու կողմէ Հայաստանի պարագային օգտագործուած բառապաշարին վերաբերեալ։
Փութին-Ալիեւ հանդիպումէն վերջ ալ հաղորդուեցաւ, որ քննարկուած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։ Նոյն աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճանի մէջ նախատեսուած COP29 ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան համաժողովին Ռուսաստանի կողմէ պիտի մասնակցի կա՛մ նախագահ Փութինը եւ կամ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինը։
Այս երկկողմանի հանդիպումներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով նշեց, որ Ռուսաստան չի միջամտեր Հայաստան-Ատրպէյճան երկկողմանի յարաբերութիւններուն։ Փեսքով դիտել տուաւ նաեւ, որ Փաշինեան-Փութին եւ Փութին-Ալիեւ կէս ժամ տեւած հանդիպումներուն քննարկուած է «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցը։ ԱՊՀ-ի ընդհանուր քարտուղար Սերկէյ Լեպետեւն ալ նշեց, որ Փաշինեան եւ Ալիեւ լաւատես կանխատեսումներ ըրած են խաղաղութեան ենթադրեալ պայմանագրին շուրջ։ Իր կարգին, Վլատիմիր Փութինն ալ գագաթաժողովի ընթացքին շեշտեց, որ ԱՊՀ-ի հեղինակութիւնը հետեւողականօրէն կ՚ամրապնդուի անդամ երկիրներու ջանքերով։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՕՎԵՐՉՈՒՔ
Միւս կողմէ, Փաշինեան-Փութին հանդիպման ներկայ էին երկու երկիրներէն շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Փութինի կողքին էին Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք, արտաքին քաղաքականութեան հարցերով օգնականը Եուրի Ուշաքով եւ բանբերը Տիմիթրի Փեսքով։ Երկկողմանի հանդիպումներէն եւ ԱՊՀ-ի գագաթաժողովի ընթացքին հնչած ելոյթներէն վերջ Ալեքսէյ Օվերչուք յայտարարութիւններ ըրաւ ԹԱՍՍ գործակալութեան։ Հարկ է նշել, որ Փաշինեանի կողքին էին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ այլ պաշտօնատարներ։ Մհեր Գրիգորեան եւ Ալեքսէյ Օվերչուք կը հանդիսանան համանախագահները այն եռակողմանի աշխատանքային խումբին, որու նպատակն է ապահովել տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը։
Ալեքսէյ Օվերչուք ըսաւ. «Հայաստան պաշտօնապէս ետ չէ քաշած իր ստորագրութիւնը այն եռակողմանի յայտարարութենէն, որ ստորագրուած է 2020 թուականին Մոսկուայի, Պաքուի եւ Երեւանի կողմէ եւ որով հրադադար հաստատուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Ընդ որում, տարածաշրջանէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եռակողմանի աշխատանքային խումբի շրջանակներէն ներս արդէն շուրջ մէկուկէս տարիէ ի վեր յառաջընթաց մը չկայ։ Հայաստան թէեւ պաշտօնապէս դուրս չէ եկած եռակողմանի յայտարարութենէն եւ ետ չէ քաշած իր ստորագրութիւնը, բայց, միեւնոյն ժամանակ, փոխ-վարչապետներու մակարդակով եռակողմանի աշխատանքային խումբի շրջանակներէն ներս առնուազն մէկուկէս տարիէ ի վեր յառաջընթաց չկայ։ Տարածաշրջանէն ներս տնտեսական ու փոխադրութեան միջանցքներու ապաշրջափակումը հնարաւոր է միայն Ռուսաստանի մասնակցութեամբ»։