ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԳԼԽԱՒՈՐ ԽՄԲԱԳԻՐ ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԵՐԵԿՈՅԹ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որ այս օրերուն կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ, երէկ երեկոյեան հիւրընկալուեցաւ նախկին պոլսահայ շրջանակներու կողմէ։ Իր մասնակցութեամբ երեկոյթ մը տեղի ունեցաւ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս։ Նիւ Եորքի առաջնորդարանի համալիրի այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր Պոլսահայ օգնութեան միութեան (C.A.R.S.) կողմէ, շրջանի հայկական այլ կազմակերպութիւններով հանդերձ։
Երեկոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց C.A.R.S.-ի ատենապետուհի Էլիզապէթ Քոտապաշեան, որ ներկաներուն յիշեցուց, թէ Արա Գօչունեանի ելոյթը կը զուգադիպէր հոկտեմբերին. ամիս, որ կ՚ընկալուի հայ մշակոյթին հետ նոյնացած ձեւով։ Էլիզապէթ Քոտապաշեան ուրախութիւն յայտնեց, թէ C.A.R.S.-ի իր ատենապետութեան շրջանին կազմակերպուած առաջին մշակութային ձեռնարկը կը հանդիսանար ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի մասնակցութեամբ երեկոյթը։
Էլիզապէթ Քոտապաշեանէն վերջ արտայայտուեցաւ առաջնորդարանի «Զօհրապ» կեդրոնի տնօրէն Արթիւր Իփէք։ Այս վերջինը նոր սերունդի ներկայացուցիչ մըն է եւ հայերէնի գործածութեան առումով հասած փայլուն կէտը բոլորին ուրախութիւն եւ յոյս ներշնչած է։ Արթիւր Իփէք իր ելոյթին ընթացքին ներկայացուց Արա Գօչունեանը՝ զանազան հարցազրոյցներու ընթացքին անոր կողմէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի առաքելութեան եւ գործունէութեան մասին կատարուած յայտարարութիւններու լոյսին տակ։
Հուսկ, Արա Գօչունեան արտայայտուեցաւ աւելի քան մէկուկէս ժամ։ Ան ներածական խօսակցութենէն վերջ պատասխանեց բոլոր ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գործունէութեան եւ դիմագրաւած լինելութեան պայքարին, ինչպէս նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգի հրատապ նիւթերուն։
Ձեռնարկի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին եւս ջերմ զրոյցը շարունակուեցաւ ներկաներուն միջեւ։